2014-11-15 10:00:26

Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կը ֆինանսաւորէ նոր համալսարանի մը շինութիւնը Քիւրտիստանի մէջ։


(Ռ.Վ. 15 նոյեմբեր 2014) Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասը Ասսիզի քաղաքին մէջ գումարած արտակարգ ժողովին ընթացքին երկու միլիոն 300 հազար Եւրօ տրամադրած է Քիւրտեստանի մէջ շինելու կաթողիկէ համալսարան մը։ Նախապէս Իտալացի եպիսկոպոսները մէկ միլիոն եւրօ ուղարկած են Քիւրտիստան ապաստան գտած քրիստոնեաներուն որպէս օժանդակութիւն։ Ժողովին մասնակցող Քաղտէացի գերապայծառ Պաշար Ուարտա ըսաւ ձեր այս նախաձեռնութեամբ Քաղտէացի եկեղեցին կը ճանչնայ իտալական եկեղեցին որպէս իր մայրը, որ միշտ նեցուկ կեցած է հալածանքի այս շրջանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.