2014-11-15 10:22:50

Ասորի օրթոտոքսները կը խնդրեն իրաքի քրիստոնեաներուն պաշտպանութիւնը։


(Ռ.Վ. 15 նոյեմբեր 2014) Անցեալ 11 եւ 12 Նոյեմբեր 2014-ին, Ասորի օրթոտոքս եկեղեցին Լիբանանի մէջ ժողով մը գումարած էր նախագահութեամբ Մար Ինքնատիոս Աֆրեմ պատրիարքին։ Այս առթիւ եպիսկոպոսները կոչ ուղղած են միջազգային հասարակութեան, իրենց հովանաւորութեան տակ առնելու Իրաքի քրիստոնեաները։ Սիւնհոդոսական հայրերը ապա յանձնախումբ մը կազմած են, որուն պարտականութիւնն է տեղեկութիւններ հաւաքել ապրիլ 2013-ին առեւանգուած Ասորի Մար Կրեկորիոս Իպրահիմ եւ յոյն օրթոտոքս Պուլոս ալ Եազճի երկու եպիսկոպոսներուն մասին, զանոնք ազատագրելու յոյսով։ Եպիսկոպոսները ժողովի ընթացքին բանակցած են ասորիներու ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ոգեկոչումի մասին, որ տեղի ունեցած է 1915-1916 տարիներուն երբ բազմաթիւ ասորիներ եւ քաղդէացիներ աքսորուեցան ու ջարդուեցան օսմանեան պետութեան կողմէ։ Հուսկ անդրադառնալով Լիբանանի քաղաքական շփոթ իրավիճակին, Ասորի օրթոտոքս եկեղեցին պահանջած է նոր նախագահի մը ընտրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.