2014-11-14 12:37:52

Վատիկանը ս. Պետրոսի հրապարակի մօտ բաղնիքներ կը կառուցէ անօճախ եւ թափառաշրջիկ մարդոց համար։


(Ռ.Վ. 14 նոյեմբեր 2014) Վատիկանը ս. Պետրոսւի հրապարակի մօտ բաղնիքներ կը կառուցէ անօճախ եւ թափառաշրջիկ մարդոց համար։ Նախաձեռնութեան նպատակն է արժանաւորութիւն տալ ամէն անհատի։ Քահանայապետական բարեսիրական մարմնի նախագահը` լեհացի գերապայծառ Քրայեւսքին յայտնած է որ յառաջիկայ երկուշաբթի` 17 նոյեմբերին, սկիզբ պիտի առնէ բաղնիքներու շինութիւնը ս. Պետրոս հրապարակին կից, ի սպաս անօճախ մարդոց։
Այս լուրը հաղորդելով գերապայծառ Քրայեւսքին ըսաւ որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը օրհնեց ծրագիրը։ Յայտնենք որ գերապայծառ Քրայեւսքին արդէն Հռոմի 10 ժողովրդապետութիւններու մէջ կարողացած էր նոյնանման ծրագիրներ իրագործել։
Գերապայծառը ապա հաստատեց որ քաղաքապետարանին կ'իյնայ նման ձեռնարկներ գործադրել, սակայն մենք շտապ օգնութիւնն ենք ֆրանչիսկոս Քահանայապեին եւ մեր դրամը պէտք է բաժնուի աւետարանական հոգիով։








All the contents on this site are copyrighted ©.