2014-11-14 08:22:06

Պան Քի Մուն դատապարտեց Հայկական ուղղաթիռի զգետնումը


Հայկական ուղղաթիռի զգետնումը Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ լրջօրէն մտահոգած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար` Պան Քի Մունը, որ կոչ ըրած է կողմերուն թոյլ չտալ իրավիճակի յետագայ լարուածութեան: Ինչպէս կը հաղորդէ “Արմէնփրես”-ը, այս մասին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մամուլի խօսնակը:
“ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կը կիսէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ անոնց միջազգային գործընկերներու մտահոգութիւնը` կապուած 2014 թուականի Նոյեմբեր 12-ին շփման գիծին վրայ հրադադարի խախտման հետ` ինչպէս նաեւ այն գործողութիւններուն, որոնք յանգեցուցին ռազմական ուղղաթիռի զգետնումին եւ անձնակազմի մահուան”,- նշած է մամուլի խօսնակը:
Պան Քի Մուն դիմած է բոլոր կողմերուն` կոչ ընելով կատարելու իրենք պայմանաւորուածութիւնը հրադադարի համաձայնագիրի ծիրէն ներս:
Ան յորդորած է նաեւ զերծ մնալ այնպիսի քայլերէ, որոնք կը յանգեցնեն իրավիճակի յետագայ լարման, ինչպէս նաեւ իրագործել բազմիցս տրուած խոստումները հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու վերաբերեալ: Պան Քի Մուն նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին եւ անոր երեք համանախագահներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.