2014-11-14 08:45:02

Չինաստանի Աստուածաշունչի մեծագոյն տպագրատունը հրապարակեց Ս. Գիրքի 125 միլիոներորդ օրինակը։


(Ռ.Վ. 14 նոյեմբեր 2014) Հարաւային Չինաստանի Նանքին քաղաքին մէջ գտնուող Աստուածաշունչի աշխարհի մեծագոյն տպագրատունը, յանձնուած Ամիթի Հիմնադրամին, վերջերս տպագրեց իր 125 միլիոներորդ օրինակը։ Չինաստանի մէջ Ս. Գիրքի մեծ պահանջք մը կայ եւ քրիստոնէութիւնը մեծ թափով կը յառաջանայ։ Երկու տարի առաջ հրապարակելով իր 100 միլիոներորդ օրինակը Ամիթի ս. Գիրքի ընկերակցութիւնը, կը յայտարարէր որ 65,7 միլիոն Աստուածաշունչ ծախած է չինական լեզուով եւ արտադրած 59,3 միլիոն օրինակներ, 70 երկիրներու համար, հաղորդագրած է 7 Նոյեմբեր 2014-ին Ուքանիւզ կաթողիկէ մամլոյ լրատու գործակալութիւնը։
Նշենք որ Ամիթի Չինաստանի պետութենէն ճանչցուած միակ տպագրատունն է։ Հակառակ քրիստոնեաներու կրած հալածանքին ու խտրականութեան, բազմաթիւ չինացիներ կը յարին քրիստոնէական հաւատքին։ Քրիստոսի հետեւողներու թիւը կը հասնի աւելի քան 100 միլիոնի, որոնցմէ 20 միլիոնը կաթողիկէ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.