2014-11-14 08:58:01

Ուաշինկթոնի ազգային տաճարին մէջ խումբ մը մահմետականներ իրենց ուրբաթ օրուայ աղօթքը կը կատարեն։


(Ռ.Վ. 14 նոյեմբեր 2014) Ուրբաթ, 14 նոյեմբերին, Ուանշիկթոնի Անկլիքան եկեղեցւոյ պատկանող ազգային մայր տաճարին մէջ, առաջին անգամուայ համար, մահմետականները կը կատարեն իրենց ուրբաթ օրուայ աղօթքը։ Այս մասին յայտնած է Ուաշինկթոն Փոսթր։
Վերոյիշեալ աննախընթաց միջկրօնային ձեռնարկով Անկլիքան եկեղեցւոյ պատասխանատուները կ՝ուզեն յայտնել Քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ հասկացողութեան եւ կրօններու միջեւ հանդուրժողականութեան ազդանշանները ։
Ձեռնակի գաղափարը յղացուած է, Անկլիգան եկեղեցւոյ ծէսի պատասխանատու կին-քահանայ Ճինա Քամպէլլիի եւ ԱՄՆ-ի մէջ Հարաւային Ափրիկէի դեսպան` Էպրահիմ Ռազուլի ձեռնարկով` անցեալ դեկտեմբերին, Նելսոն Մանտէլայի թաղման արարողութեան ընթացքին ։
Էպրահիմ Ռազուլ Ուաշինկթոն Փոսթի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ աշխարհը եւ Քրիստոնեայ-մահմետական յարաբերութիւնները կը գտնուին դժուար կացութեան մէջ։
''Պէտք ունինք աշխարհի մը ուր՝ բոլորս կրնանք ազատութեամբ ապրիլ մեր դաւանած հաւատքն ու կրօններու միջեւ հանդուրժողականութիւնը. Խտրականութիւնը եւ հակասեմականութիւնը, քրիստոնեաներու ու մահամետականներու դէմ ատելութինը պէտք են արմատախիլ ըլլալ'',
ըսած է Ուանշիկթոնի մէջ հարաւային Ափրիկէի դեսպան տիար Իպրահիմ Ռազուլը։








All the contents on this site are copyrighted ©.