2014-11-14 12:32:29

Կաթողիկէ – մահմետական խորհրդաժողով. Վա՜յ արդարացնելու ահաբեկչութիւնը յանուն կրօնքի։


(Ռ.Վ. 14 նոյեմբեր 2014) Բնաւ ընդունելի չէ կրօնը շահագործել արդարացնելու ահաբեկչութիւնը, հարստահարումը, բռնութիւնը անմեղներուն դէմ, սրբապղծել սրբավայրերը ու ժառանգական մշակոյթը։ Այս խօսքերով եզրափակուեցաւ Կաթողիկէ – Մահմետական երրորդ խորհրդաժողովը, որ տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ ''միասնաբար աշխատիլ ուրիշներու ծառայութեան ի խնդիր'' բնաբանով։
Կաթողիկէ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կարդինալ Ժան Լուի Թոռան նախագահը միջ-կրօնական քահանայապետական խորհուրդին, մինչ մահմետական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ուաշինկթոնի համալսարանի փրոֆեսոր Սայետ Հոսեյմ Նասր։
Միացեալ յայտարարութեան մէջ կը կարդանք. ''Նոր սերունդի դաստիարակութիւնը ըլլայ ընտանիքի եւ դպրոցի մէջ յոյժ կարեւոր է, իւրացնելու ինքնութիւն մը բաց ուրիշը յարգելու։ Այդ նպատակակէտին հասնելու համար դպրոցական գիրքերը պէտք են ցոլացնեն առարկայականօրէն ուրիշը յարգելու կարեւորութիւնը։ Խորհրդաժողովին մասնակցողները ընդգծեցին անհրաժեշտութիւնը միջ-կրօնական երկխօսութեան մշակոյթին ուսուցումը դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ, յաղթահարելու համար նախապաշարումները ու յանգելու փոխադարձ ճանաչումին։ Միացեալ յայտարարութիւնը կը քաջալերէ քրիստոնեաներն ու մահմետականները բազմապատկելու հանդիպումները ու միացեալ ծրագիրներու իրականացումը հասարակաց բարիքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.