2014-11-13 12:20:06

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 13 նոյեմբերի քարոզը՝ ''Աստուծոյ Արքայութիւնը կ՛աճի լռութեան մէջ''։


(Ռ.Վ. 13 նոյեմբեր 2014)''Աստուծոյ արքայութիւնը կ՛աճի շնորհիւ անոնց որոնք զայն կը վկայեն առանց աղմուկ հանելու՝ աղօթելով եւ ապրելով հաւատքով, ընտանիքին, գործատեղիին եւ հասարակութեան մէջ''։
Փարիսեցիները Յիսուսին հարցուցին` ''ե՞րբ պիտի գայ Աստուծոյ Արքայութիւնը՚՚։՚Յիսուս պատասխանեց անոնց. ՙ Աստուծոյ Արքայութիւնը չի գար տեսանելի կերպով'', (Ղուկ. 17,20-25)։
Հինգշաբթի, 13 նոյեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին ընթացքին, արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկելով օրուան աւետարանական ընթերցումին յայտնեց թէ ''Աստուծոյ արքայութիւնը կը գտնուի այն տան մէջ ուր՝ ընտանիքին անդամները չեն դադրիր աղօթելէ եւ զաւակներու եւ երէցներու հանդէպ խնամք տանելէն։ Հոն է որ կը գտնուի Աստուծոյ արքայութիւնը` հեռու աշխարհի տաղտուկներէն''։ Ան ապա հաստատեց թէ ''Աստուծոյ Արքայութիւնը բեմադրութիւն մը չէ այլ տօնակատարութիւն մը որ տարբեր է հանդիսութենէն''։ Պապը որպէս օրինակ առնելով սուրբ Պսակի հանդիսութիւնը` նկատել տուաւ թէ ''հրաւիրեալները յաճախ կը մասնակցին պսակի արարողութեան որպէս հանդիսատեսներ, ցոյց տալու համար իրենց հագած նորոյթ հագուստներն ու ունայնութիւնը'' ու ապա մատնանշեց թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը լռելեայն է եւ կը կատարուի ու կ՝աճի մարդուն հոգիին մէջ, Սուրբ հոգիին զօրութեամբ, աւելցնելով Աստուծոյ Արքայութիւնը հեզ է նման սերմին որ ժամանակի ընթացքին կ՝աճի` Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ։
Մեզի կ՝իյնայ թոյլ տալ անոր, որ աճի մեր մէջ առանց ամբարտաւանութեան, որպէսզի Սուրբ Հոգին իջնէ եւ յեղաշրջէ մեր հոգին, ինչպէս նաեւ մեզ առաջնորդէ լռութեան , խաղաղութեան եւ անդորրութեան մէջ. դէպի Աստուծոյ մօտիկութիւնը, պաշտամունքով եւ ոչ հանդիսութիւններով։







All the contents on this site are copyrighted ©.