2014-11-13 13:30:00

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Աւստրիոյ դաշնակցային հանրապետութեան Նախագահին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռ.Վ. 13 նոյեմբեր 2014) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց թէ այսօր` (13 նոյեմբեր 2014) ,Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Աւստրիոյ դաշնակցային հանրապետութեան նախագահը` Տիար Հէյնզ Ֆիշէրը, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթին։
Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Աւստրիոյ Հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, ու արծարծուեցան երկուստեք հետաքրքրող հարցեր ինչպէս` կրօնական ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու զարգացումը եւ միջ-կրօնական ու միջ- մշակութային երկխօսութեան յանձնառումը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային բնոյթ ունեցող հարցերու մասին, յատկապէս հայող Միջին Արեւելքի իրավիճակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.