Ս. Երկրի ֆրանչիսկեան հայրերը կը խնդրեն որ Երուսաղէմը հանդիսանայ համակեցութեան ու խաղաղութեան
օրինակը ։
(Ռ.Վ. 13 նոյեմբեր 2014) Միջին Արեւելքի իրավիճակը օրէ օր կը վատթարանայ,
ուր պաղեստինցիներու ու հրեաներու միջեւ լարուածութիւնը իր գագաթին հասած է եւ որուն
հետեւանքով Ս. Երկրի ս. վայրերը թիրախը եղած են երկու հասարակութիւններու միջեւ տեղի
ունեցող բախումներուն։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը մտահոգ է Երուսաղեմի այս իրավիճակով
ու երկու կողմերը հրաւիրած է պաշտպանելու եկեղեցւոյ ինչքերը ու անոր բոլոր անդամները։
Հայր Իպրահիմ ֆալդաս` անդամ ս. Ֆրանչիսկոսի միաբանութեան ըսաւ. ''Ամէնքս կանչուած
ենք յայտնելու մեր մտահոգութիւնը Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն ի տես։ Ամէնքս
կանչուած ենք միասնաբար գործելու յաղթահարելու դժուարութիւնները։ Ամէնքս կանչուած ենք
աղօթելու որպէսզի կրօնապետերը պատերազմ չհռչակեն յանուն կրօնի։ Երուսաղէմը պէտք է հանդիսանայ
տիպարը համակեցութեան ու խաղաղութեան''։