Լեռնային Ղարաբաղի օդուժին պատկանող «Մի-24» ուղղաթիռ մը հարուածուած է Ազրպէյճանական
զինեալ ուժերու կողմէ։
Ազրպէյճանական զինեալ ուժերը չորեքխաբթի 12 նոյեմբեր 2014-ին զինադադարը խախտելով հարուածած
են ղարաբաղեան – ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածի օդային տարածքին մէջ վարժական
թռիչք կատարող Լեռնային Ղարաբաղի օդուժին պատկանող «Մի-24» ուղղաթիռը, հաղորդած է Ղարաբաղի
պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Ուղղաթիռի հրամանատարն էր Սերգէյ Սահակեան,
որուն կ՛ընկերակցէին երկու օգնականներ` Ազատ Սահակեան եւ Սարգիս Նազարեան: Ազրպէյճանի
պաշտպանութեան նախարարութիւնը ապատեղեկատուութիւն կատարելով յայտարարած է, որ հայկական
ուղղաթիռը հարուած ստացած է պատասխան կրակով, երբ կը յարձակէր ազրպէյճանական բանակի դիրքերուն
վրայ: Ըստ ազրպէյճանական կողմին, «Մի-24»-ը մարտական թռիչք կատարած է Աղտամի շրջանի
Քենկերլի գիւղէն 1700 մեթր հիւսիս-արեւելք, յարձակած է դէպի ազրպէյճանական դիրքերը, ուրկէ
բացուած կրակը զայն հարուածած է: Ուղղաթիռին բեկորները վար ինկած են սահմանագիծէն 500
մեթր հեռաւորութեան վրայ: «Երկիր» կը հաղորդէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արտակ Բեգլարեան իր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ կոչ ուղղած է չհետեւելու
ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան եւ չտարածելու Ազրպէյճանի կողմէ կործանուած հայկական
ուղղաթիռի կեղծ լուսանկարը. «Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները Ղարաբաղի մէջ կործանուած
ուղղաթիռին վերաբերեալ կեղծ լուսանկարներ կը տարածեն: Ատիկա ուքրանական պատերազմէն է,
մի՛ տարածէք», գրած է Բեգլարեան: Մինչ ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան ֆէյսպուքեան
իր էջին վրայ հետեւեալ արձանագրութիւնը թողած է. «Ուղղաթիռի բեկորների ուսումնասիրութիւնը
թոյլ կը տայ հաստատել, որ ուղղաթիռը զինուած չի եղել: Իրավիճակի այս լարումը ադրբեջանական
կողմից շարունակւում էր, երբ ուղղաթիռը արդէն ընկած էր: Աւելին՝ ադրբեջանական կողմի կրակահերթը
նաեւ թոյլ չէր տալիս, որ անգամ օդաչուներին մօտենան: Այս աննախադէպ լարման հետեւանքները
ադրբեջանական կողմի համար շատ ցաւոտ կը լինեն եւ կը մնան Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան
խղճին»: