2014-11-13 08:55:47

Եւրոպական միութիւնը կոչ ըրած է հետաքննել ուղղաթիռի հարուածելու մանրամասնութիւնները


Եւրոպական Միութիւնը կը պահանջէ վերջ տալ հրադադարի խախտումներուն եւ կոչ կ՛ընէ Նոյեմբեր 12-ին ատրպէյճանական օդուժին կողմէ վար առնուած հայկական ուսումնավարժական ուղղաթիռի հետ կապուած միջադէպի առնչութեամբ իրականացնել մանրամասն հետաքննութիւն եւ փաստերը ներկայացնել միջազգային հանրութեան:
Ինչպէս կը հաղորդէ “Արմէնփրես”-ը` վկայակոչելով ԵՄ պաշտօնական կայքը, Պրիւքսէլի մէջ Նոյեմբեր 13-ին նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ԵՄ խօսնակը: «Նոյեմբեր 12-ին շփման գիծին վրայ հրադադարի խախտման հետեւանքով ուղղաթիռի պայթելէն ետք շատ կարեւոր է, որպէսզի ցուցաբերուի զսպուածութիւն եւ խուսափինք գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան աւելի խորացնել ճգնաժամը ու սրել լարուածութիւնը: Բացի այդ, մենք կոչ կ՛ընենք, որ այդ միջադէպին բոլոր մանրամասնութիւնները հետաքննուին: Եւրոմիութիւնը կրկին իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին եւ երեք համանախագահներու ջանքերուն: Կողմերը պէտք է պահպանեն հրադադարի կարգը, զերծ մնան ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառումէն եւ ջանքեր գործադրեն ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար”,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Նոյեմբեր 12-ին հաղորդագրութիւն տարածած էր նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը եւ դատապարտած կատարուածը:
Ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածի օդային տարածքին վրայ Նոյեմբեր 12-ին` ժամը 13.45-ի մօտ, ուսումնավարժական թռիչքի ժամանակ ատրպէյճանական Զինուած ուժերուն կողմէ հրադադարի կարգի խախտման արդիւնքով խոցուած է ԼՂՀ Ռազմական օդուժի Մի-24 ուղղաթիռը: Խոցման վայրը շփման գիծին չափազանց մօտ է: Հակառակորդը կը շարունակէ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակել դէպքի վայրի ուղղութեամբ: Աւելի ուշ Ստեփանակերտէն հաստատեցին, որ նախնական տուեալներով կայ երեք զոհ: Անձնակազմի հրամանատարն է մայոր Սերկէյ Սահակեանը:
ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան շեշտած է, որ հայկական ուղղաթիռը ռազմական գործողութիւններու համար չէ եղած, ուղղաթիռին մէջ չէ եղած զինամթերք եւ ատրպէյճանական օդուժը զայն խոցած է թիկունքէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.