2014-11-12 08:56:16

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպեցաւ Գարեգին Բ եւ Արամ Ա Հայրապետներուն:


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ` 11 նոյեմբեր 2014-ին, հանդիպում ունեցաւ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի հետ: Այս մասին կը յայտնէ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Հանդիպումին քննարկուած են պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդման եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի կարեւորագոյն խնդիրներուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր, որոնք տեղ գտած են Նոյեմբեր 11-13 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հրաւիրուած Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի օրակարգին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է Եպիսկոպոսաց ժողովի իրականացումը` ի նպաստ մեր հաւատաւոր ժողովրդի եւ Հայոց պետութեան: Նախագահը Եպիսկոպոսաց ժողովներու գումարումը կարեւոր իրադարձութիւն համարած է հայոց հոգեւոր կեանքին մէջ եւ յաջողութիւն ու արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթած է Մայր Աթոռի մէջ մեկնարկած ժողովին:
Հանդիպման անդրադարձ եղած է ՀՀ նախագահի գլխաւորութեամբ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն, որոնց Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին աշխուժօրէն կը մասնակցի իր բոլոր Նուիրապետական Աթոռներով, թեմերով, ծուխերով ու կառոյցներով: Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ համազգային կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման գործին մէջ հայոց եկեղեցիներու կողմէ սփիւռքի մէջ, միջազգային ու միջեկեղեցական հարթակներու վրայ իրականացուող աշխատանքին, Սուրիոյ մէջ չդադրող կործանարար պատերազմի հետեւանքով այդ երկրի բնակչութեան հետ միասին ծանրագոյն փորձութիւններու եւ զրկանքներու ենթարկուող սուրիահայ համայնքին աջակցութեան խնդիրներուն:
Հանրապետութեան նախագահը, Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը կարեւորած են եւ ժամանակի հրամայական համարած են Հայոց պետութեան, Եկեղեցիին ու հայ ժողովուրդին միասնաբար ծառայելը եւ ի նպաստ համազգային խնդիրներու լուծման` համատեղ գործելը:








All the contents on this site are copyrighted ©.