2014-11-12 10:28:18

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Սուտին անակնկալը

Անակնկալները երկու տեսակ են ընդհանրապէս՝ լաւ եւ վատ: Մարդիկ առհասարակ կը վախնան վատ անակնկալներէն, որոնց երբեմն կու տանք նաեւ արկած անունը: Անշուշտ ասիկա կը տարբերի սովորական իմաստով ըմբռնուած վատ անակնկալէն, մանաւանդ իր անսպասելի հետեւանքներով: Սովորական առումով, վատ անակնկալները կրնան ըլլալ անսպասելի հանդիպումներ՝ ատելի անձերու հետ, չնախատեսուած յանկարծական զրոյցներ՝ անախորժ նիւթերու շուրջ եւ այլ տեսակի տհաճ անակնկալներ:
Լաւ անակնկալներու մասին որքան շատ գրուի, այնքան հաճելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ չկայ մարդ, որ իսկապէս հաճոյք չստանայ իր կեանքին մէջ պատահած լաւ անակնկալներէն: Յանկարծ ստացուած նուէր մը, տարիներէ ի վեր չտեսած սիրելիի մը անակնկալ վերադարձը, կամ այլ երկրի մը մէջ անոր հետ պատահական հանդիպումը, գործի ընթացքին «ցանուած սերմի» մը յանկարծ ծլիլը եւ պտղաւորուիլը, կամ վիճակահանութեան տոմսի մը յանկարծական արժեւորուիլը՝ բախտի ժպտումով…
Ահաւասիկ լաւ անակնկալներու շարան մը, որուն վերջաւորութիւնը սահմանել անկարելի է, որովհետեւ ըստ իւրաքանչիւր անձի նախասիրութեան, կրնայ այդ սահմանը երկարիլ ու լայննալ: Լաւ անակնկալներն ալ կախեալ են ի վերջոյ մարդոց նախասիրութիւններէն: Մէկուն համար տուեալ անակնկալ մը կրնայ հաճելի չըլլալ ուրիշին համար եւ ուստի՝ լաւ անակնկալ չհամարուիլ:
Անակնկալներուն միջեւ անպայման տարբերութիւններ կան, ըլլան անոնք լաւ անակնկալներ կամ վատ: Շատերու կարծիքով, ֆիզիքապէս զգացուող կամ նիւթական վարձատրութեան ձեւին մէջ յայտնուող անակնկալները ամէնէն ազդու անակնկալներն են: Մեր կարծիքով ամէնէն աւելի ազդեցութիւն գործող անկակնկալները լեզուով՝ խօսքով արտայայտութիւն գտնող անակնկալներն են: Այս եւս ունի իր դրական եւ բացասական կերպերը: Օրինակ՝ խօսքով կարելի է յանկարծ կշտամբել մէկուն եւ վարկաբեկել: Դարձեալ խօսքով կարելի է գովել, փառաբանել եւ մեծարել մէկը:
Աւելի եւս լուսաբանելով վերեւ տրուած բացատրութիւնը, կր-նանք նաեւ սա հաստատումը ընել, թէ լաւ անակնկալ ներկայացնող խօսքը անպայման գեղեցիկ կ՛ըլլայ: Այդ խօսքին շարահիւսութիւնը, նախադասութեան կառոյցը, բառերու ընտրանին, մատուցուած մտածումին հեզասահ ընթացքը ու ընդհանրապէս գործածուած ոճը գեղեցկութիւն մը կ՛արտայայտեն:
Հակառակ այս իրողութեան, սակայն, ամէն մարդ ալ գիտէ, որ ամէն գեղեցիկ խօսք անպայման ճիշդ չէ՛: Եթէ ամէն գեղեցիկ խօսք ճիշդ ըլլար, կամ արտայայտուած ամէն գեղեցիկ խօսք համապատասխանէր ճշմարտութեան, հապա մարդիկ ինչո՞ւ հարկադրուէին «կեղծիք» նկատել ոմանց խօսքը կամ «կեղծաւոր» որակել զայն արտասանողը: Որովհետեւ բառին բուն իմաստով «ճիշդ խօսք»ը այնքան ալ գեղեցիկ չըլլար: Ատիկա իր մէջ անպայման կը պարփակէ սրածայր արտայայտութիւններ՝ նետեր կամ սլաքներ, որոնք կը վիրաւորեն լսող ականջները, սակայն՝ բուժելու համար: Ուրեմն, ճիշդ խօսքը գեղեցիկ չըլլար, ո՛չ ալ գեղեցիկ խօսքը՝ անպայման ճիշդ:
Երբեմն բոլորս ալ վկաները կը հանդիսանանք մարդահաճութեան սիրոյն կատարուած կեղծաւորութեան: Կա՛մ բարձրաստիճան մէկուն ներկայութեան եղած գովասանքը «վայելելով», եւ կամ ենթադրեալ, հաւանական շահու մը ակնկալիքով եղած սին փառաբանութեան ականջալուր դառնալով,բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք այն բռնազբօս արարքին, զոր խօսքի ճամբով ի գործ կը դնէ խօսնակը, մարդահաճութեան ամէնէն ստորին միջոցներով…
Ասոր մէկ այլ տեսակն է կնամեծարութիւնը: Այս պարագային եւս «մասնագիտութիւն»ը բռ-նազբօս է, որ երբեմն յուսախաբ ալ կը թողու իրեն՝ կնամեծարին: Սա ջուրը նետուած կարթի օրինակով կարելի է պարզաբանել, ցոյց տալով կնամեծար «ձկ-նորս»ին ապիկարութիւնը, որովհետեւ «ձուկեր»ուն իմաստութիւնը աւելի բարձր կը գնահատուի այսօր, քան՝ «ձկնորս»ներուն վարպետութիւնը:
Մարդահաճութեան ընդհանուր խորագիրին տակ կարելի չէ՛ նկատի չունենալ սուտը, որ հասարակաց ծածկոյթն է բոլորին՝ կեղծաւորութեան, շողոքորթութեան, սին գովասանքին եւ ծածուկ ատելութեան: Այս «վերմակ»ն է, որ շուտով իրենց վրայ կը քաշեն անոնք, որոնք յատուկ ճարտարութեամբ կը սիրաշահին նոյնիսկ իրենց թշնամիները: Բարեկամներուն շողոքորթելը մէկ երեսն է վերոյիշեալ անձերու չարահամբաւ գործունէութեան: Իսկ ամէնէն վտանգաւորն ու վնասակարը՝ իրենց թշնամիները սիրաշահիլն է սուտով, որուն օժանդակ իբրեւ կը գործածուին կեղծիքը, սին գովասանքը, շողոքորթութիւնը եւ մարդահաճութեան կերպերը:
Պէտք է, սակայն, ստախօսը անակնկալի բերել: Երբեմն ոմանք լա՜յն համբերութեամբ կուլ կու տան եւ դիմացկուն «ստամոքս»ով կը մարսեն մատուցուած սուտը, որ շատ յաճախ «ցերեկ աչքով» կը խօսուի՝ ի լուր բոլորին: Ասիկա ուրիշ բան չէ՛, եթէ ոչ՝ սուտին տրուած քաջալերանք մեր կողմէ: Ստախօսը միշտ առաջին սուտին չբացայայտուելուն հետեւանքով «վկայեալ ստախօս» կը դառնայ, քաջալերուելով ունկնդիրներու զարմացական նայուածքներէն կամ հիացական բացագանչութիւններէն:
Ստախօսը ամէնէն փոքր աստիճաններէն կը բարձրանայ մինչեւ իր գործունէութեան ամէնէն գագաթը: Նախ իր ծնողքը կը խաբէ, յետոյ իր ընկերները՝ դասընկերներ թէ փողոցի գործակիցներ, ապա կ՛անցնի այն հիմնարկութեան պատասխանատուներուն, ուր գործ գտած է, յետոյ կը բարձրանայ իր պատկանած ազգի կամ եկեղեցւոյ վերին պատասխանատուները խաբելու մակարդակին: Իսկ եթէ ընթացք գտնէ վերոյիշեալ աստիճաններուն վրայ, կը դիմէ բարձրագոյնին…
Սուտին անակնկալը՝ ճիշդ խօսքն է:
_ Ինչո՞ւ անակնկալ պէտք է ըլլայ այդ ճիշդ խօսքը:
_ Որպէսզի սթափեցնէ ստախօսը ու դարձի բերէ զայն իր չար ճամբէն:
Միշտ ըսուած է, թէ «սուտին ճամբան կարճ կ՛ըլլայ»: Ոմանք կարելի եղած չափով կ՛երկարեն այդ ճամբան, սակայն՝ ի զուր: Անպայման անոնք պիտի գան այդ անակնկալին դէմ յանդիման, երբ ճիշդ խօսքը պիտի դիմակալեն ապշանքով ու դողով: Սուտին անակնկալ մատուցելը իսկապէս առաքինութիւն մըն է, որ թէեւ չէ՛ յիշուած եկեղեցւոյ ընդունած եօթ առաքինութիւններուն շարքին, սակայն սխալ ալ չըլլար զայն անոնց գլուխը համարելը…








All the contents on this site are copyrighted ©.