2014-11-12 08:28:50

Երուսաղէմի եկեղեցապետերը այցելած են Ալ Աքսա Մզկիթին հրապարակը


(Ռ.Վ. 12 նոյեմբեր 2014) Վերջերս ծայրայեղ հրեաներ ցոյցեր կատարած են Երուսաղէմի մզկիթի հրապարակին վրայ, պահանջելով Սողոմոնի տաճարի վերաշինութիւնը, հոն ուր կը բարձրանայ իսլամութեան երկրորդ գերագոյն սրբավայրը։
Երուսաղէմի եկեղեցապետերը այցելելով Մզկիթին հրապարակը միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին, որով կը յայտնեն իրենց հակառակութիւնը Երուսաղէմի կարգավիճակի վերատեսութեան։
Յայտարարութեան մէջ եկեղեցապետերը կ'ընդգծեն մահմետականներու իրաւունքը այցելելու եւ աղօթելու Ալ Աքսա մզկիթին մէջ, եւ կը մատնանշեն որ Օմար Իպն ալ Խաթապի դաշինքը տակաւին վաւեր է։ Խաթապի պատմական դաշինքով խաղաղութիւն եւ համակեցութիւն հաստատուած է քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.