2014-11-11 14:18:39

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Իտալիոյ եպիսկոպոսական ժողովի 67-րդ
համագումարի մասնակցող եպիսկոպոսներուն


(Ռ.Վ. 11 նոյեմբեր 2014) Երկուշաբթի, նոյեմբեր 10ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իր պատգամը ուղղեց Նոյեմբեր 10-13 Ասսիզիի մէջ գոյացող Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի 67րդ համագումարի մասնակցող Եպիսկոպոսներուն։ Իր ուղերձին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ՝
Կ'ուզեմ Ձեզմէ իւրաքանչիւրին եւ բոլոր եկեղեցիներուն, ուր Տիրոջ Հոգին Ձեզ իբր հովիւներ կանչած է, իմ մտերմութիւնս յայտնել։ Թող այս նոյն Հոգին՝ իր արարչագործ իմաստութեամբ՝ ներշնչէ Ձեր ընդհանուր համգումարը, որ յատկապէս նուիրուած է քահանաներու կեանքին եւ մնայուն կազմաւորումին։
Եպիսկոպոսական ծառայութեան մէջ՝ Ձեզի վստահուած առաջնահերթ պատասխանատուութիւններէն է՝ հաստատատել Ձեր անմիջական գործակիցները՝ քահանաները. նեցուկ կանգնիլ անոնց եւ ամրապնդել զանոնք։ Անոնց միջոցաւ է որ Եկեղեցին իբր մայր կը հասնի Աստուծոյ բոլոր ժողովուրդին։ Իբր Եպիսկոպոսներ՝ անոնցմէ քանիներու՜ ծանօթ ենք. անոնցմէ քանինե՜ր իրենց առաքինի վկայութեամբ նպաստած են հոգեւոր կեանքի կոչումներու. անոնցմէ քանինե՜ր մեզ ուսուցած եւ ձեւաւորած են։ Քահանաներ, որոնք իրենց կեանքը ապրած են ժողովուրդին մէջ, դաստիարակելով երեխաներ, ընկերակցելով ընտանիքներու, այցելելով հիւանդներ բնակարաններու կամ հիւանդանոցներու մէջ, հոգ տանելով աղքատներուն,
գիտակցելով այն իրականութեան՝ թէ ''անջատուիլ ուրիշներէն չաղտոտելու նպատակով՝ անձին մեծագոյն պղծումն է'', ինչպէս կ'ըսէ Լէո Թոլսթոյ։
Ձերբազատուիլ ինչքերէ եւ իր իսկ անձէն, խոնարհիլ առանց ակնկալութիւններու՝ ճանապարհն է այն վեհութեան, զոր Աւետարանը կ'անուանէ ''Սէր''։
Սրբակեաց քահանաները ներում գտած մեղաւորներ են եւ գործիքներ՝ ներում շնորհելու։ Տակաւին ժամանակն է այսպիսի վսեմութիւն ունեցող քահանաներու՝ որոնք ''կամուրջ'' ըլլան Աստուածոյ եւ աշխարհի միջեւ, որոնք կարողութիւնը ունենան տեսնելու եւ դուրս բերելու կորսուած հարստութիւններ։
Եղբայրներ, գիտէք որ մեզի հարկաւոր չեն քահանաներ, որոնց վարմունքը վտանգ կը սպառնայ ժողովուրդը հեռացնել Տիրոջմէ. եւ ոչ ալ քահանաներ՝ որոնք լոկ պաշտօնատար են, եւ հեռու Տիրոջմէ՝ կը փնտռեն միայն իրենց սփոփանքը։
Կ'ընկերանամ Ձեզի իմ աղօթքովս եւ օրհնութեամբս, որ կը փոխանցեմ Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ Ձեզի, Իտալիայի Եկեղեցւոյ բոլոր քահանաներուն եւ անոնց որոնք կ'աշխատին քահանաներու կազմաւորման համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.