Փաքիստանի քրիստոնեաները կը պահանջեն հայհոյանքի օրէնքին բարեփոխումը։
(Ռ.Վ. 11 նոյեմբեր 2014) Փաքիստանի բազմաթիւ քրիստոնեաները քայլարշաւ մը
կազմակերպած են Պետութենէն պահանջելով ջնջել հայհոյանքի օրէնքը, որուն առաջին զոհերը
քրիստոնեաներն են։ Կառավարութիւնը պարտական է պաշտպանել ապրելու իրաւունքը ու իր
քաղաքացիներուն սեփական կալուածներն ու ինչքերը, յայտարարած է Փաքիստանի մարդու իրաւունքներու
պաշտպանը` փաստաբան Սարտար Ճիլ։ Քայլարշաւի մասնակցողները լոզունգներ բարձրացուցած
են կրօնական հալածանքին դէմ, պահանջելով հայհոյանքի դէմ օրէնքի չարաշահութիւնը եւ խնդրելով
միջազգային հասարակութեան դրական ու ազդու միջամտութիւնը։