2014-11-11 10:55:50

Շարժայի կառավարիչ շէյխը Հայութեան առնչուող յայտարարութիւն ըրած է


Շարժայի կառավարիչը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազդեցիկ գործիչներէն մէկը` շէյխ Սուլթան պին Մոհամմատ Ալ Քասիմին օրերս գրառում կատարած է իր կայքէջին վրայ` նշելով, որ Ռաս ալ-Խայմա էմիրութեան տարածքին մէջ գտնուող պատմական Ճուլֆար ամրոց-քաղաքը հիմնած են հայերը, որ Ճուլֆար անունը ունի հայկական ծագում եւ կ’առնչուի հայկական պատմական Ճուլֆայի (Ջուղայի) հետ: Դոկտոր շէյխ Սուլթան պին Մոհամմատ Ալ Քասիմին պատմական հետազօտութիւններու հեղինակ է եւ յայտնի է իր բազմաթիւ բարեգործութիւններով:
Ան Հայաստանի մէջ Հաղարծին վանքային համալիրի հիմնանորոգման ֆինանսաւորողն է, որուն համար արժանացած է համատարած հիացմունքի` պատմութեան մէջ մնալով այն եզակի մահմետականներէն, որ հսկայական գումար նուիրաբերած է քրիստոնէական կրօնական համալիրի հիմնանորոգման համար: 75-ամեայ Ալ Քասիմին կարեւոր ու ազդեցիկ դէմք կը համարուի արաբական աշխարհին մէջ. ան իշխանութեան եկած է 1972 թուականին, երբ թագաւորը (իր եղբայրը) սպաննուած է յեղաշրջման փորձի ժամանակ: 2005-ին շէյխը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ բնակող մեծահարուստ հայերու հետ այցելած է Հայաստան եւ հէնց այդ ժամանակ ալ, այցելելով Հաղարծին, հիացած է վանքի պատմութեամբ ու խորհրդաւորութեամբ եւ խոստացած հիմնանորոգել այն: Ջուլֆար քաղաքի հայկական ծագման առնչուող յայտարարութիւնը շէյխ Սուլթան պին Մոհամմատ Ալ Քասիմին նախ ըրած է Նոյեմբերի սկիզբը Շարժայի Գիրքի միջազգային փառատօնի ժամանակ, այնուհետեւ այն գրառած է իր անուամբ կայքին վրայ եւ խոստացած իբրեւ պատմաբան ու հետազօտող միջոցներ ներդնել եւ աւելի հանգամանալից պարզել (պեղումներու եւ այլ հնարաւոր ձեւերով) Ջուլֆարի հայկական ծագումը: Շէյխը միաժամանակ յիշած է, որ երբ 1959 թուականին այցելած է Սպահան, տեսած է նոր ջուղայեցիներ, ինչպէս նաեւ հսկայ հայկական եկեղեցին` ոսկէ գմբէթով:
168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին պատմաբան, նախիջեւանագէտ Արգամ Այվազեան չբացառեց պատմական գիտութիւններու դոկտոր արաբ շէյխի նշած վարկածը, նշելով, որ ջուղայեցիները շրջիկ առեւտրականներ եղած են եւ աշխարհի բոլոր կողմերն ալ հասած են. «Ընդ որում, ոչ միայն շրջել եւ առեւտուր են արել, այլ նաեւ` հիմնաւորուել եւ բնակուել են»,- ըսած է պատմաբանը` նշելով, որ կը մնայ միայն պարզել նշուած յայտարարութեան որոշ մանրամասնութիւններ, ինչպէս օրինակ, արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նշուած բնակավայրը հի՞ն, թէ՞ նոր ջուղայեցիները հիմնած են, հայկական ի՞նչ հետքեր պահպանուած են այդ վայրին մէջ
եւ այլն: Արաբ շէյխը այս յայտարարութեամբ միաժամանակ ժխտած է արաբ պատմագիտութեան այն տուեալը, որ միջնադարեան արաբ հանրայայտ նաւավար Ահմատ իպն Մաճիտը ծնած է Ճուլֆարի մէջ:
Շէյխն ըսած է. «Ճուլֆար քաղաքը հայկական ինքնամփոփ եւ փակ կառոյց էր եւ իպն Մաճիտը չէր կրնար այնտեղ ծնիլ եւ բնակիլ»: Յայտարարութիւնը ոգեւորութիւն յառաջացուցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայութեան մօտ. սոցիալական ցանցերու վրայ անոնք աշխոյժ ձեւով կը քննարկեն թեման` ցանկութիւն յայտնելով վարկածը հաստատուելէ ետք դիմել շէյխին եւ առաջարկել հայկականացնել Ռաս Ալ-Խայմայի պատմական կեդրոնը: Տեղի հայերը չեն մոռցած շէյխի մէկ այլ առատաձեռն նուիրատուութիւնը` 1990-ականներուն ան Շարժայի եկեղեցւոյ հողատարածքը նուիրաբերած է հայերուն, եւ անոր նուիրաբերած այդ տարածքին վրայ այսօր կը գործէ Շարժայի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցին:







All the contents on this site are copyrighted ©.