2014-11-11 09:13:46

Յովհաննէս ԻԳ հիմնարկը կոչ կ'ուղղէ որոնումներ կատարելու ''համամիութեան պատմութիւնը'' նիւթին մասին։


(Ռ.Վ. 11 նոյեմբեր 2014) Իտալիոյ Պոլոնիայի Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի միջազգային հիմնարկը կոչ ուղղած է պատմաբաններուն շարադրելու եկեղեցւոյ 19 եւ 20 դարերու համամիութեան պատմութիւնը։
Իտալիոյ Պոզէ համամիութեան կեդրոնին մէջ գիտաժողով մը պիտի կազմակերպուի, որուն կանչուած են համայն աշխարհէն եկած ուսումնասէրներ, պատմաբաններ ու աստուածաբաններ ներկայացնելու իրենց աշխատանքին արդիւնքը։ Գիտաժողովին խօսք պիտի առնեն. Պոզէի համամիութենական կեդրոնին աբբահայրը, փրօֆ. Ալպերթօ Մելոնին` պատմաբան քրիստոնէութեան ու Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին եւ տնօրէնը Յովհաննէս ԻԳ կրօնական գիտութեանց հիմնարկին, Մաքսիմոս Վկենոբոլուս` Կ. Պոլսոյ յոյն օրթոտոքս տիեզերական պատրիարքութեան աւագ սարկաւագ, Քարիմ Շելքենս աստուածաբանութեան դասախօս Պելկիայի Լուվան համալսարանին մէջ եւ Մոսկուայի աստուածաբանութեան ակադեմիայէն Վլատիմիր Շմալին։








All the contents on this site are copyrighted ©.