2014-11-11 09:39:54

Այսօր կը նշուի ուժանիթի խնայողութեան օրը։


Նոյեմբեր 11-ին աշխարհի մէջ կը նշուի ուժանիւթի խնայողութեան միջազգային օրը: Օրուան հիմնական նպատակն է ուշադրութիւն հրաւիրել ուժանիւթի աղբիւրներու օգտագործման եւ ուժանիւթի վերականգնուող աղբիւրներու զարգացման:
Օրը հիմնադրուած է “Աղբիւրներու եւ ուժանիւթի օգտագործման դպրոցական նախագիծ”-ի (SPARE) նախաձեռնութեամբ: Այդ մասին որոշումը ընդունուած է 2008 թուականի Ապրիլին` Ղազախիստանի SPARE համակարգողներու միջազգային խորհրդաժողովի ժամանակ, որուն միացած են աշխարհի շարք մը երկիրներ:
Ուժանիւթի տնտեսումը թոյլ կու տայ նուազեցնել շրջակայ միջավայրի աղտոտումը: Բոլոր երկիրներու մէջ տեղի կ՛ունենան ուժանիւթի խնայողութեան վերաբերեալ իրազեկման ձեռնարկներ:
Որպէս ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրներ կրնան ըլլալ արեւային, հողմային, ջրածնային, ինչպէս նաեւ փոքր ՀԵկ-երու ուժանիւթը եւ պիոկազը:








All the contents on this site are copyrighted ©.