2014-11-10 12:23:42

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 10 նոյեմբերին քարոզը ''Գայթակղութիւնը հաւատքը կը կործանէ'':


(Ռ.Վ. 10 նոյեմբեր 2014) ''Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է գիտնալ ներել եւ երբեք գայթակղութեան առիթ չտալ, որովհետեւ գայթակղութիւնը կը կործանէ հաւատքը''։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. ''Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չգան. վայ անոր, որուն ձեռքով կու գան'' (Ղուկ.17 1-6.)
Մեկնաբանելով օրուայ Աւետարանկան ընթերցումը , Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը երկուշաբթի, 10 նոյեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ` Գայթակղութիւն, ներողամտութիւն, հաւատք։
Երբ քրիստոնեայ մը չերթար եկեղեցի եւ չի յաճախեր իր ժողովրդապետութիւնը գայթակղութիւն կը պատճառէ ուրիշներուն. Գայթակղութիւնը կը կործանէ հաւատքը, ասոր համար Յիսուս զգուշացուց բոլորին։ ''Դուք ալ զգոյշ եղէք'' ըսաւ Քահանայապետը, որովհետեւ բոլորս ալ կարող ենք գայթակղութիւն պատճառել։
''Պէտք է գիտնալ նաեւ ներել'' թելադրեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը, ''Յիսուս ասիկա սորվեցուց մեզի Տէրունական աղօթքին մէջ''։ Ներողամտութիւնը չհասկցուիր մարդկային տրամաբանութեամբ։ Մարդկային տրամաբանութիւնը մեզ կը մղէ չներելու եւ կը տանի վրէժխնդրութեան, ատելութեան ու բաժանումի։ Մինչ մենք պէտք ենք ներել որովհետեւ բոլորս ներուած ենք՝ Յիսուսի կողմէ։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ակնարկելով հաւատքի մասին մատնանշեց թէ, եթէ հաւատք չունինք չենք կրնար ոչ ներել եւ ոչ ալ ապրիլ առանց գայթակղութիւն պատճառելու ուրիշներուն։ Լոկ հաւատքի ճրագով է որ Աստուծոյ ողորմութեան հանդէպ հաւատքով, կրնանք յառաջ երթալ։
Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց թէ Հաւատքը պարգեւ մըն է տրուած Աստուծոյ կողմէ, ասոր համար Յիսուսի առաքեալները խնդրեցին Իրմէ զօրացնել զիրենք իրենց հաւատքին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.