2014-11-10 08:23:55

Տը Միսթուրա Դամասկոսի մէջ քննարկած է Հալէպի մէջ խաղաղ գօտիներու ստեղծման հարցը։


ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա երէկ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկած է Հալէպի մէջ խաղաղ գօտիներու ստեղծման իր առաջարկած ծրագիրը:
ԹԱՍՍ` յղում կատարելով «Սուրիյա» պատկերասփիւռի կայանին, կը նշէ, որ խօսքը կը վերաբերի կառավարական զօրքերու եւ զինեալ ընդդիմադիր խմբաւորումներու միջեւ տեղական զինադադարի, որ պիտի արտօնէ «սառեցնել տագնապը» եւ մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Հալէպի բնակչութեան:
Իտալացի դիւանագէտը այս նախաձեռնութեան մասին յայտնած էր 30 հոկտեմբերին` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.