2014-11-10 08:32:30

Իրաքի մէջ Մուսուլի ս. Եփրեմի եկեղեցին մզկիթի կը վերածուի։


(Ռ.Վ. 10 նոյեմբեր 2014) Անցեալ Յունիսին Մուսուլ քաղաքը բռնագրաւուեցաւ իսլամ պետութեան զինեալներու կողմէ։ Նոր կառավարութիւնը ապա գրաւեց ս. Եփրեմի ասորի օրթոտոքս եկեղեցին, անոր սրբազան իրերը պարպեց ու զանոնք վաճառքի դրաւ, ինչպէս կարելի է տեսնել www.ankawa.com կայքին միջոցաւ։ Ասիկա ապացոյց մըն է որ իսլամ կառավարութիւնը կը նպատակադրէ ս. Եփրեմի եկեղեցին վերածել մզկիթի։ Յուլիսին իսլամ մարտիկները նաեւ բռնագրաւեցին ասորի կաթողիկէ ս. Պօղոսի եկեղեցին ու զայն վերածեցին ոստիկանատուն մինչ սեպտեմբեր 21-ին Իսլամական Պետութեան զինեալները պայթեցուցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած ու անոնց յիշատակին կառուցուած Տէյր Զօրի Եկեղեցին։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.