2014-11-08 13:39:53

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը Իտալիոյ աւագ Սկաուտներու շարժումի եօթը հազար անդամներուն հետ


(Ռ.Վ. 8 նոյեմբեր 2014) Շաբաթ, 8 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Մարք Ուելլէն որմէ ետք Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց ''Օգնական Տիրամօր դուստրեր'' միաբանութեան լիագումար ժողովի մասնակիցները, հուսկ` ժամը 12-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ աւագ սկաուտներու շարժումին 7 հազար անդամներուն անոնց հիմնարկութեան 60-րդ ամեակի առթիւ։
Յայտնենք թէ այս շարժումը ստեղծուած է 1954ին, Դաստիարակ Մարիօ Մացցայի նախաձեռնութեամբ որ եղած է նաեւ Իտալիոյ մէջ սկաուտութեան շարժումի նախաձեռնողը։ Ան իր այս գործով` պատանիները հասուն կեանքի պատրաստող ապրելակերպը ուզեց վերածել տարեցներուն կեանքի ուղեգիծ։ ''Այրեր ու կիներ ենք ժամանած տարբեր թաղամասերէ եւ կեանքի տարբեր փորձառութիւններով, բայց միացած ենք միեւնոյն համոզումով, թէ սկաուտութիւնը խաղաղութեան ճանապարհ է կեանքի բոլոր եղանակներուն համար'' կը կարդանք վերոյիշեալ շարժումի դաշնագիրին մէջ։

Իտալիոյ աւագ Սկաուտներու շարժումի անդամներուն արտասանած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց գործունէութեան ո սպաս եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան, Աւետարանի վկայութեամբ։ Ան ապա քաջալերեց զանոնք յարատեւելու իրենց ուղեւորութեան մատնանշելով սկաուտական շարժումի արժէքին որ է ''ճանապարհ''։ ''Ձեզ կը քաջալերեմ շարունակել հարթել ճանապարհը ընտանիքի մէջ, արարչագործութեան հանդէպ եւ քաղաքներուն մէջ'' - ըսաւ Քահանայապետը ու անդրադարձաւ ''ընտանիքին'' որ կը մնայ բջիջը ընկերութեան եւ դաստիարակութեան առաջնակարգ վայր։ Շնորհիւ ընտանիքին մէջ ստացած դաստիարակութեան կարելի է դրական կերպով յաճախել այլ կազմաւորումի միջավայրեր, ինչպէս դպրոցները, ժողովրդապետութիւնները եւ զանազան այլ հաստատութիւններ։
Նորին Սրբութիւնը ապա յայտնեց թէ ծնողաց համար դաստիարակչական առաքելութիւնը իր աղբիւրը կը գտնէ Սուրբ Պսակի խորհուրդին մէջ։ Ծնողներու միջեւ երկխօսութիւնը եւ փոխադարձ համեմատութիւնը եւ իրար զիրար ունկնդրելը` էական տարրեր են ընտանիքի անդորրութեան եւ պտղաբերութեան ի խնդիր ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը կեդրոնացուց Արարչագործութեան մասին, ըսելով թէ ''բնապահպանութիւնը՝ կենսական է եւ մարդու վերապրումին համար հրամայական'' եւ թէ ''չենք կրնար զայն քաղաքական հարցի վերածել''։
Բնապահպանութիւնը բարոյական ծաւալ ունեցող իրողութիւն մըն որ կը դպչի բոլորին. Ոչ ոք կրնայ անտարբեր մնալ։Արարչագործութիւնը պարգեւ մըն է, յանձնուած մեր ձեռքերուն մէջ՝ Արարիչին կողմէ։ Համայն բնութիւնը որ մեզ կը շրջապատէ, ստեղծագործութիւն մըն է մեզի նման որուն հետ միասնաբար կ՝ընթանանք գտնելու համար լրումը Աստուծոյ մէջ որ է` կէտնպատակը - յարեց Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսեցաւ Քաղաքի ուղիներու վրայ ընթանալու մասին։
Քաղաքներու եւ թաղամասերու մէջ ապրելով, կանչուած էք ձեր անկեղծ նպաստը տալու կառուցելու համար հասարակաց ընդհանուր բարիքը։ Անհրաժեշտ է գիտնալ ուրախութեամբ առաջարկել Աւետարանի արժէքները, բազմազան մշակոյթներու եւ ընկերութեան խաւերուն մէջ։ Այս ծիրէն ներս կրնանք պարզութեամբ, հեզութեամբ վկայել Յիսուսի սէրը՝ իւրաքանչիւր մարդու, որոնելով աւետարանութեան նոր ուղիներ, հաւատարիմ մնալով Քրիստոսին ու մարդուն, որ յաճախ քաղաքին մէջ կը հանդիպի դժուարութիւններու, կը կորսնցնէ Աստուծոյ ներկայութիւնը տեսնելու եւ զգալու կարողութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ճառին աւարտին մէջբերելով Սուրբ Պօղոսի Կորնթացիներուն ուղղած խօսքերը (1 Կոր. 9, 24- 27) ըսաւ` ''շարունակեցէք ուրուագծել ձեր ուղեւորութիւնը ապագայի յոյսով։ Ձեր սկաուտական շարժումը արդիւնաւոր մարզանք է։ Քրիստոնեան կը մարզուի որպէսզի ըլլայ Տիրոջ համար լաւ առաքեալ մը, ունկնդրելով Տիրոջ խօսքերը եւ վստահելով Անոր վրայ որ երբեք՝ յուսախաբ չի լքեր, ինչպէս նաեւ միանալով Անոր՝ աղօթքի մէջ։
''Փորձեցէք ըլլալ եկեղեցական հասարակութեան կենդանի քարը'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը եզրափակեց ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար ու անոնց վրայ հայցեց Տիրոջ եւ Աստուածամօր հովանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.