Ունկնդրութեան
ընթացին, Ֆրանչիսկոս Պապը, արտօնեց հրապարակել սուրբերու դատի հայող հրամանագիրերը հետեւեալ
Աստուծոյ ծառաներու եւ աղախիններուն համար։
Աստուծոյ ծառայ Ֆրանչիսկոս Մասիմիանօ
Վալտէս Սուպէրքազօ, ծնած Չիլէ 28 սեպտեմբեր 1908-ին։ Անդամ Քափուչինօ փոքրիկ եղբայրներու
միաբանութեան։ Վախճանած է 4 յունուար 1982-ին։
Աստուծոյ ծառայ Իլտէպրանտօ Կրէկօրի։
Ծնած 8 մայիս 1894-ին եւ վախճանած 12 նոյեմբեր 1985-ին։ Ան եղած է Պենետիկտեան ''Սիլվէսթրինա''
միաբանութեան ընդհանուր Աբբահայրը , հիմնած է իգական կրօնաւորուհիներու միաբանութիւն
մը։
Աստուծոյ ծառայ Ռէյմոնտօ Քալքանիօ, ծնած է Իտալիա` 17 ապրիլ 1888ին եւ վախճանած
է 18 Յուլիս 1964ին։ Անդամակցած է Սուրբ Ֆիլիփփօ Ների միաբանութեան։
Աստուծոյ
ծառայ Ճովաննի Սուլլիվան` ծնած է Իրլանտա 8 մայիս 1861ին եւ վախճանած է 19 փետրուար 1933ին։
Եղած է անդամ Յիսուսեան միաբանութեան։
Աստուծոյ ծառայ Փէլաճօ Սոթէր, ծնած է Գերմանիա`
8 սեպտեմբեր 1878ին եւ վախճանած է Պրազիլ 23 նոյեմբեր 1961-ին, Սուրբ Փրկիչ միաբանութեան
անդամ քահանայ։
Աստուծոյ աղախին Ճիովաննա Մանս, աշխարհական հաւատացեալ, ծնած է
Քանատա 11 նոյեմբեր 1606ին եւ վախճանած է 8 յունիս 1673ին։ Ան հիմնադիրը եղած է Մոնթրէալ
քաղաքին մէջ ''Hotel-Dieu'' հիւանդանոցին։
Աստուծոյ աղախին Մարթա Լուիճիա Ռոպին`
աշխարհական, ծնած է Ֆրանսա, 3 մարտ 1902ին եւ վախճանած է 6 փետրուար 1981ին։ Հիմնած է
''Foyers de Charité'' հաստատութիւնը։
Աստուծոյ ծառայ Սիլվիօ Տիսէյնա Ֆանչուլլօ,
ծնած է Իտալիա 1 յուլիս 1967ին եւ վախճանած է 24 սեպտեմբեր