2014-11-08 09:45:31

Թ. Կիրակի զկնի Խաչի
«Ո՞վ է ամենէն մեծը»


RealAudioMP3 Մարդիկ ընդհանրապէս մեծութեան, պատիւներու ետեւէն կ՛երթան: Մարդս փառք կը փնտռէ, կ՛ուզէ եւ կ՛աշխատի միւսներէն վեր բարձր երեւնալու: Այսպիսիները երբ իրենց կէտ նպատակին հասնելու ըլլան, հպարտ, ամբարտաւան կեցուածք մը ցոյց կու տան, կ՛արհամարեն ուրիշները, այսինքն` փոքրերը եւ խոնարհները: Բռնութիւն, խստութիւն կը բանեցնեն իրենց մերձաւորին վրայ, մանաւանդ իրենց հպատակներուն վրայ: Այս է առհասարակ աշխարհի հոգիին վարուելակերպը:
Առաքեալներն ալ տգէտ մարդիկ, սովորական մարդոց հոգւով, մտայնութեամբ թրծուած էին, որով Յիսուսի դպրոցին մէջ ըլլալով հանդերձ` մեծութեան մասին կը խորհէին եւ իրենց մէջը կը վիճաբանէին թէ ո՞վ արդեօք մեծ պիտի ըլլար` Յիսուսի հիմնելիք Արքայութեան մէջ:
Օր մը երբ դարձեալ կի վիճաբանէին սոյն նիւթին շուրջ` Յիսուս մանուկ մը կանչելով իր մօտ` անոնց ըսաւ. « Ով որ ձեր մէջ ամենէն փոքրն է, ան է մեծը»: Կ՛ուզէր ըսել թէ ով որ ինքզինք կը խոնարհեցնէ` ծառայելով ամենէն խոնարհներուն, ան է մեծը Աստուծոյ առջեւ: Այս կերպով, Յիսուս իրենց հասկցուց թէ ով որ կ՛ուզէր մեծ ըլլալ Աստուծոյ Արքայութեան մէջ` պէտք է որ խոնարհ ըլլայ մանուկի նման:
Ուրեմն Յիսուսի քարոզած Արքայութիւնը` մեծութիւներու, աշխարհի պատիւներու, փառքերու մէջ չէ, այլ խոնարհ ապրելակերպին մէջ: Խոնարհութիւնը ամենէն մեծ առաքինութիւնն է, թէեւ Հին իմաստասէրներէն ոմանք նուաստացում կը նկատէին: Առանց խոնարհութեան դէպի վեր բարձրանալ կարելի չէ: Խոնարհութիւնն էր որ երկինքն ու երկիրը միացուց:
Խոնարհութիւնը սուրբերու առաջին առաքինութիւնն է. Անով է որ անոնք բարձրացան, անով է որ անոնք յաջողեցան նաեւ տիրանալ միւս բոլոր առաքինութիւններուն։ Ով որ խոնարհ է, դիւրաւ շնորհք կը գտնէ Աստուծոյ առջեւ եւ կ՛արդարանայ, նոյնիսկ եթէ բազմաթիւ են իր յանցանքները, ինչպէս տաճար ելլող մաքսաւորը, որ ուրիշ բան չըրաւ եթէ ոչ` խոնարհութեամբ ընդունիլ իր սխալները:
Խոնարհ ըլլալ չի՛ նշանակեր անարգ եւ խեղճ ըլլալ, այլ կը նշանակէ բնաւ մեր անձին մասին չմտածել: Քրիստոս որ Աստուծոյ ծառան էր, խոնարհեցաւ եւ առաքեալներուն ոտքերը լուաց: Հակառակ անոր որ ոտք լուալը ամէնէն ստորին գործը կը նկատուէր հրեաներուն համար, Յիսուս աշակերտներուն ոտքերը լուաց: Ան գիտէր, որ աշակերտներուն սիրտին մէջ մրցակցութեան հոգի մը կար եւ այդ պատճառով էր որ Ան աշակերտներուն տուաւ խոնարհութեան այդ անմոռանալի օրինակը: Իր ըրածով, Յիսուս ետ մղեց եսասիրութիւնն ու հպարտութիւնը: Բաղդատական կրօնագիտութեան էջերուն մէջ կարելի չէ հանդիպիլ նախաքրիստոնէական կամ յետ քրիստոնէական որեւէ կրօնի, որուն աստուածներէն մէկը կամ միւսը այս տարողութեամբ խոնարհութիւն ստանձնած ըլլայ, իրեն «հպատակ» մարդուն սիրոյն:
Քրիստոնէութիւնը մեզի կ’ուսուցանէ ուրեմն խոնարհաբար նայիլ մեր սեփական կարողութիւններուն եւ հպարտանալ միայն Քրիստոսով: Պօղոս առաքեալ մեծ զարգացում ունեցող փարիսեցի մըն էր, Գամաղիէլ անունով մեծ ուսուցիչին ծունկերուն առջեւ իր ուսումը ստացած: Սակայն, ան իր պարծանքին առարկան դարձուց ո՛չ թէ իր գիտութիւնը ու զարգացումը, այլ՝ Յիսուսի խաչը, ուրիշ խօսքով, Անոր խոնարհութիւնը որդեգրեց իբրեւ իր կեանքի ուղեգիծ:
Քրիստոնէական իմաստութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ մեծութիւնը ուրիշներու ծառայելուն մէջ կը կայանայ: Այս է աւետարանական հոգին. խոնարհութեամբ կը սկսի եւ փառքով կը վերջանայ: Նա կը խոնարհեցնէ զմարդն մինչեւ իր ոչնչութեանն եւ ասով կը տանի զայն ճշմարտութեան եւ արդարութեան: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.