2014-11-07 08:13:20

''ֆրանչիսկոսը եւ ողջագուրումի ոյժը'' Յիսուսեան հայր Սփատարոյի լոյս տեսած հատորը։


(Ռ.Վ. 7 նոյեմբեր 2014) Իտալական գրադարաններու մէջ լոյս տեսած է` ''Պատէն անդին։ Երկխօսութիւնը ընդդմէջ իսլամի մը, հրեայի մը ու քրիստոնեայի մը'' հատորը որ կը կեդրոնանայ երկխօսութեան մը վրայ ընդմէջ յիսուսեան հայր Անթոնիօ Սփատարոյի` տնօրէնը յիսուսեաններուն “Civiltà Cattolica” երկշաբաթուայ պարբերաթերթին, տոքթ. Օմար Ապուտին եւ րաբունապետ Աբրահամ Սքորքայի. որոնք ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ միասին դարձան ռահվիրաները Երուսաղէմի մէջ իրենց կատարած պատմական ողջագուրումին։ Ողջագուրում մը որ կարողացաւ տապալել բաժանումի պատը, շնորհիւ գոյացող անխախտ բարեկամութեան ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, մահմետական Օմար Ապուտի եւ րաբունապետ Աբրահամ Սքորքայի։
Ամէնուն յայտնի է որ դիւանագիտութեան ու միջնորդութեան բանաձեւերը միշտ կը ներփակեն որոշ կեղծաւորութիւն մը, մինչ բարեկամութիւնը` ոչ։ Բարեկամութիւնը պարզ է եւ անկեղծ։ Հետեւաբար կարելի է մատնանշել որ այդ ողջագուրումը ցոյց կու տայ ճանապարհ մը, անիկա միասնաբար ընթանալու բացայայտ երկար ճանապարհն է, որ կարելի չէ առանձին կատարել - յայտնած է Հայր Սփատարոն։
Գիրքի կողքին` ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետեւեալ նախադասութիւնը մէջբերուած է. ''դժուար է կամուրջ կառուցել, սակայն խաղաղութեան բացակայութեամբ ապրիլն ալ տառապանք է''։ Խորքին մէջ Քահանայապետը կը մատնանշէ ամենապարզ ճանապարհին` խաղաղութեան, երկխօսութեան ու բարեկամութեան ճանապարհը։








All the contents on this site are copyrighted ©.