2014-11-07 12:57:06

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Ֆոքոլարինի շարժումի եպիսկոպոսներու եւ բարեկամներու հետ


(Ռ.Վ. 7 նոյեմբեր 2014) Ուրբաթ, Նոյեմբեր 7ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Ֆոքոլար շարժումի եպիսկոպոսներու եւ բարեկամներու համամիութենական համագումարին մասնակիցներուն հետ, անոնց ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.
Սրտանց կ'ողջունեմ այս համահաւաքը որ կը գումարուի ''Ս. Հաղորդութիւնը՝ Միութեան Խորհուրդ'' նշանաբանին տակ։ Այս համագումարը արտայայտութիւն եւ պտուղ է Աստուծոյ սիրոյն եւ խօսքին, նկրտումն է՝ մեր էութիւնը կերպաւորելու Ս. Աւետարանին վրայ։ Այս Ձեր նկրտումը՝ զուգահեռ Սուրբ Հոգիի շնորհքին՝ պիտի ընձիւղէ Ձեր բոլոր նախաձեռնութիւնները, պիտի ծաղկեցնէ ամուր բարեկամութիւններ եւ հզօր եղբայրակցութիւններ։ Ձեզ կը քաջալերեմ որ անվախօրէն շարունակէք ապրիլ Ձեր փորձառութիւնները, միշտ սեւեռուն՝ ժամանակի նշաններուն վրայ եւ հայցելով Աստուծմէ իրար լսելու շնորհքը եւ ըլլալու հլու՝ Աստուծոյ կամքին։ Այս տառապած աշխարհի մէջ անհրաժեշտ է որ ունենաք արթուն գիտակցութիւնը՝ քրիստոնեաներու միջեւ եղած միութեան հոգիի յստակ վկայութեան հրամայականին։ Եղբայրութեան հոգին լուսաւոր նշան մըն է մեր հաւատքին՝ ի Քրիստոս։ Եթէ իբր քրիստոնեաներ լրջօրէն կ'ուզենք հատու կերպով պատասխանել մեր ժամանակի շատ մը հարցադրումներուն, պէտք է խօսինք եւ գործենք եղբայրութեան հոգիով։ Փաստացի է որ զանազան երկիրներու մէջ կը պակսի ազատութիւնը դաւանելու կրօնքը եւ ապրելու բացայայտօրէն՝ համաձայն քրիստոնէական բարոյական սկզբունքներու։ Քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու հալածանքները, ահաբեկչութեան տխուր երեւոյթը, գաղթականներու արհաւիրքը պատերազմներու եւ այլ պատճառներով, ծայրայեղականութեան մարտահրաւէրը, աշխարհիկ հոգիի սաստկացումը՝ այս բոլորը հարցադրումի կ'ենթարկեն քրիստոնեաներու եւ հովիւներու խիղճը։ Այսպիսի մարտահրաւէրներ կոչ կ'ուղղեն մեզի նորոգուած յանձնառութեամբ, հետեւողականութեամբ եւ համբերութեամբ փնտռել այն ճանապարհները, որոնք կը տանին դէպի միութիւն, ''որպէս զի աշխարհ հաւատայ''շ ինչպէս կ'ըսէ Յիսուս (Յովհ, 17, 21)։ Այս ճանապարհներուն մէջ մէկ է դաստիարակիչ ճանապարհը՝ դա է Ս. Հաղորդութիւնը, որպէս միութեան խորհուրդ։ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ մենք յստակօրէն կը գիտակցինք, որ միութիւնը շնորհք մըն է, միաժամանակ՝ պատասխանատուութիւն. ծանր պատասխանատուութիւն (Ա. Կոր 11, 17-33)։ Կը մաղթեմ Ձեզի, որ Ձեր համագումարը առատ պտուղ տայ միութեան աճումին եւ եղբայրական հոգիի վկայութեան ի նպաստ։ Այս ձեր յանձնառութեան մէջ եւ Ձեր ամբողջ ծառայութեան մէջ Ս. Կոյս Մարիամ ըլլայ Ձեզի օգնական։








All the contents on this site are copyrighted ©.