2014-11-07 12:49:05

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 7 նոյեմբերի քարոզը ՝՝Զգուշացէք հեթանոս քրիստոնեաներ եւ Քրիստոսի խաչի թշնամիներ ըլլալէն՝՝


(Ռ.Վ. 7 նոյեմբեր 2014) ''Այսօր եւս , գոյութիւն ունին հեթանոս քրիստոնեաներ, որոնք կը վարուին որպէս թշնամիներ Քրիստոսի խաչին'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ուրբաթ, 7 նոյեմբերին, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած Քարոզին մէջ, զգուշացնելով աշխարհի փորձութիւններէն որոնք կը մղեն աւերումի։
Ներշնչուած օրուայ սուրբ գրային ընթերցումէն որ քաղուած էր Պօղոս առաքեալի Փիլիպպեցիներու ուղղուած թուղթէն Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց քրիստոնեաներու երկու տեսակ խումբեր։
Առաջին՝ քրիստոնեաներ որոնք յառաջ կ՝ընթանան ամրապնդուած իրենց հաւատքին մէջ. Եւ երկրորդ՝ քրիստոնեաներ որոնք կ՝ապրին եւ կը վարուին որպէս թշնամիներ Քրիստոսի խաչին։
Երկու խումբերը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - Եկեղեցի կը յաճախեն, անոնց մէջ տարբերութիւնը այն է, որ երկրորդ խումբը անունով քրիստոնեայ է, բայց հեթանոսական վերաբերմունք ունի։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մէջբերելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերը հայող քրիստոնէական քաղաքացիութեան` որ կը գտնուի երկինքի մէջ, յայտնեց թէ հեթանոս քրիստոնեաները ունին երկրային քաղաքացիութին, մինչ՝ ճշմարիտ քրիստոնեան՝ երկրային քաղաքացիութեան կը պատկանի։
Պէտք է իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հարց տայ թէ ո՞րմէկ քաղաքացիութեան կը պատկանի – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու մատնանշեց նշաններու որոնք կը յայտնաբերեն երկրային քաղաքացիական պատկանելիութիւնը` դրամասիրութիւնը, ամբարտաւանութիւնը եւ ունայնամտութիւնը։Իսկ, երկրային քաղաքացիութեան պատկանելիութեան նշաններն են՝ փնտռել զԱստուած, ծառայել ուրիշները , եւ խոնարհութիւնը։
Ֆրանչիսկսս Պապը քարոզին աւարտին, խնդրեց որ կառչած մնանք Քրիստոսի եւ անոր խաչին տիպարին, այսինքն` հեզութիւն, աղքատութիւն, ծառայասիրութիւն , պաշտամունք ինչպէս նաեւ աղօթք։







All the contents on this site are copyrighted ©.