Տօն Սրբոց Հրեշտակապետաց՝ Գաբրիէլի, Միքայէլի, Ռափայէլի, Սերովբէից, Քերովպէից և ամենայն
երկնային զօրացն
Զմմառու վանքին յատուկ է Սրբոց Հրեշտակապետաց եւ յատկապէս Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետի տօնը,
որ միաժամանակ անուանակոչութեան տօնն է Զմմառու Դպրեվանքին: Այս տօնը յատուկ նշանակութիւն
ունի Զմմառու վանքին համար, որովհետեւ Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետը Դպրեվանքի հզօր պաշտպանը
հանդիսացած է վաղուց ի վեր: Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն, «Սրբոց Հրեշտակապետաց»
տօնը կը կատարուի Ս. Խաչի տօնին յաջորդող ութերորդ Շաբաթ օրը: Աւանդութեան համաձայն ամէն
տարի, սոյն տօնին՝ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը, նախագահութեամբ Ամեն. Կաթողիկոս-Պատրիրաքին,
Եպիսկոպոսաց դասուն և Վարդապետներու մասնակցութեամբ, Զմմառու վանքի ընծայարանի կղերիկոսներուն
հետ միասնաբար կը տօնախմբեն «Սրբոց Հրեշտակապետաց» տօնը: