2014-11-06 08:30:29

Միացեալ Նահանգներու կիսամեայ ընտրութիւններ. Հանրապետականները յատկանշական յաղթանակներ արձանագրեցին


Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 4ի Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական ընտրութիւնները, ինչպէս կ՛ակնկալուէին, յատկանշական յաղթանակներ շնորհեցին հանրապետական թեկնածուներուն, յատկապէս՝ տնտեսութեան դանդաղ աճին պատճառած համընդհանուր դժգոհութեան հետեւանքով։
Մինչ քանի մը նահանգներու մէջ արդիւնքները այնքա՛ն մօտ են, որ տակաւին յստակ չեն վերջնական արդիւնքները, արդէն իսկ վճռուած է, որ Քոնկրեսը պիտի գտնուի Հանրապետական կուսակցութեան ամբողջական հակակշիռին տակ, որովհետեւ արդէն իսկ Ներկայացուցիներու տան մէջ մեծամասնութիւն հանդիսացող հանրապետականները Ծերակոյտին մէջ ապահոված են առնուազն 52 աթոռներ։
Հանրապետականները Ներկայացուցիչներու տան մէջ եւս իրենց դիրքերը զօրացուցին՝ իրենց աթոռներուն թիւը բարձրացնելով 243ի կամ 246ի՝ ըստ տարբեր հաշուարկներու եւ նախատեսութեանց։
Նահանգային մակարդակի ընտրութեանց մէջ եւս պատկերը գրեթէ նոյնն էր։ Արդարեւ, նոյնիսկ քանի մը աւանդաբար դեմոկրատներու համակիր նահանգներու մէջ, ներառեալ՝ Մեսեչուսեցի, նահանգապետական ընտրութեանց ընթացքին յաղթանակներ ապահովեցին հանրապետականները։
Քալիֆորնիոյ մէջ, դեմոկրատ նահանգապետ Ճերի Պրաուն վերընտրուեցաւ՝ չորրորդ անգամ ըլլալով նահանգի կառավարիչ դառնալով, ինչ որ աննախընթաց է այս նահանգի պատմութեան մէջ։
Նահանգի քոնկրեսական ընտրութիւններու վերջնականացած արդիւնքներուն համաձայն՝ քոնկրեսականներէն առնուազն 32ը դեմոկրատ է, իսկ առնուազն 14ը՝ հանրապետական։








All the contents on this site are copyrighted ©.