2014-11-06 09:08:36

Մալաուիի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռ.Վ. 6 նոյեմբեր 2014) 6 – 9 նոյեմբեր 2014. Մալաուիի եպիսկոպոսները Վատիկան կը ժամանեն իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Իրենց կեցութեան ընթացքին, բացի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ հանդիպումէն, եպիսկոպոսները հանդիպումներ կ՛ունենան Նաեւ Հռոմի Քուրիայի պատասխանատուներուն հետ։
Մալաուիի հանրապետութիւնը ունի 118,484 քմ քառակուսի տարածք եւ 14 միլիոն 844 հազար 822 բնակչութիւն, որուն մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ են եւ քրիստոնեաներու 33 առ հարիւրը կաթողիկէ։ Մահմետականները կը կազմեն բնակչութեան 13 առ հարիւրը։
Մալաուիի կաթողիկէ եկեղեցական կառոյցը ունի 2 աւագ թեմ եւ 6 աթոռանիստ թեմեր։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կազմուած է 1966-ին ու անոր ներկայ նախագահն է գերապայծառ Ժոզէֆ Մուքասա Զուզա։
Մալաուիի առաջին առաքեալները հանդիսացած են Յիսուսեանները` ԺԸ դարուն։ Մինչ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան կազմաւորումը տեղի ունեցաւ 1959 թուականին։
1988 թուականին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ Քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը մեծ հետք թողած է երկրին ու եկեղեցւոյ կեանքին վրայ, մեծ նշանակութիւն ունեցած է նաեւ 1992-ին եպիսկոպոսներուն հրատարակած առաքելական յորդորագիրը որ հանդիսացած է ''մարդու իրաւունքի եւ կրօնի ազատութեան'' հռչակագիր
Մալաուիի Կաթողիկէ եկեղեցին այսօր իր աւետարանութեան առաքելութեան շրջագիծն ներս կառուցողական աշխատանք կը տանի ընկերային, առողջապահական եւ դաստիարակչական մարզերէն ներս։ Ան մեծ դեր ունեցաւ նաեւ Քամուզի Պանտայի բռնատիրութեան շրջանին ու անոր տապալումին` 90ական թուականներուն ու այսօր եւս կը շարունակէ դատապարտել Երկիրը յուզող տագնապները սկսեալ աղքատութենէն ու կաշառակերութենէն եւ այս առընչութեամբ մեծ հոգ կը տանի կազմաւորումի ուղիով որ եղած է Ափրիկէի մասին 1994-ին գումարուած սիւնհոդոսի առանցքային կէտերէն մին։








All the contents on this site are copyrighted ©.