2014-11-06 08:36:32

Իտալիոյ Նիզիտայի բանտարկեալները ոգեկոչեցին սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ -ի յիշատակը։


(Ռ.Վ. 6 նոյեմբեր 2014) Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ -ի տօնին առթիւ Նափոլիի շրջանի անչափահասներու Նիզիտա կղզիի բանտին մէջ, յիշատակուեցաւ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի տօնը։
1990-ին Նափոլի քաղաքը կատարած այցելութեան ընթացքին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը կոչ ուղղած էր քաղաքի անչափահասներուն հրաւիրելով զանոնք քաջ ըլլալու ու աշխատելու բարի սիրտ ունենալ։ Նափոլիի եկեղեցին արդարութեան նախարարութեան հետ միասին ուզեցին ոգեկոչել սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ -ի տօնը յոյս ներշնչելու անչափահաս բանտարկեալներուն նոր թափով մը դիմագրաւելու համար կեանքը ու սիրելու իրենց քաղաքը։
Նշենք որ Նիզիտայի բանտին մէջ կը գտնուին 45 տղաներ եւ 5 աղջիկներ, դժբախտաբար անոնք զոհ են իրենց ապրած քրէական միջավայրին։ Բանտին մէջ դաստիարակիչները կ'աշխատին զանոնք վերակրթել ու արհեստ մը սորվեցնել, շահագործելով անոնց կարողութիւնները ու առիթ տալով նոր ու պարկեշտ կեանք մը սկսելու։







All the contents on this site are copyrighted ©.