2014-11-05 09:54:08

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Այծին ականջէն մի՛ բռներ։
Խայտառակութիւնը երեք ուղղութիւն կրնայ ունենալ:
Առաջին՝ ուրիշը քեզ կը խայտառակէ.
Երկրորդ՝ դուն ուրիշը կը խայտառակես.
Երրորդ՝ երկուքդ միասին կը խայտառակուիք:
Ինչքա՜ն արդարացի պէտք է ըլլայ մարդ կամ ինչքա՜ն անարատ, որ կարենայ խայտառակել ուրիշը: Սակայն այդքան արդարացի ու անարատ անձ մը, արդէն անմեղ ըլլալով՝ կ՛ուզէ՞ խայտառակել ուրիշը:
Նոր Կտակարանեան էջերուն մէջ, Յիսուսի ծնունդը կանխող տողերուն մէջ Ս. Կոյս Մարիամի խօսեցեալին՝ Յովսէփի մասին կը կարդանք այն վկայութիւնը, թէ ան որովհետեւ արդար մարդ էր, խորհեցաւ լռելեայն արձակել իր նշանածը, երբ իմացաւ անոր յղի ըլլալը: Ուրեմն, այն հասկացողութիւնը գոյութիւն ունի, թէ՝ արդար մարդը չ՛ուզեր խայտառակել ուրիշը:
Երկրորդ ուղղութիւնը, որ դուն ուրիշը խայտառակես, պարզապէս առաջին պարագային փոխադարձ ընթացքն է, այսինքն՝ դուն ալ եթէ արդար ես ու անմեղ, բնա՛ւ պիտի չուզես ուրիշը խայտառակել: Այսպիսով Յիսուսի մտածողութեան մէջ գտնուող ոսկեայ կանոնը՝ «ինչ որ կ՛ուզէք մարդիկ ընեն ձեզի, դուք նոյնը ըրէք անոնց», արդէն իրականութիւն կը դառնայ, դուրս գալով իր բառային սահմաններէն:
Երրորդ տեսակը խայտառակութեան այն է, երբ խայտառակողն ու խայտառակուողը միասին կը խայտառակուին…
Այս տեսարանին շատ կը հանդիպինք կեանքի մէջ:
Ճիշդ է որ այստեղ երկու անձեր կան, կամ՝ երկու կողմեր, սակայն անոնցմէ մին նախայարձակ դերակատարն է, իսկ երկրորդը կացութեան կրողն է, այսինքն՝ զոհը, որ ուրիշին կողմէ կը խայտառակուի: Այս երկրորդը կրնայ լուռ մնալ, թերեւս գիտնալով իր յանցաւոր ըլլալը: Չէ՞ որ միշտ վարժ ենք լուռ մնացողը յանցաւոր սեպելու եւ նոյնիսկ առանց զայն հարցուփորձելու՝ մեղաւոր յայտարարելու… Ուրեմն, երբ չենք գիտեր թէ տուեալ անձը յանցաւո՞ր է կամ ո՛չ, իրաւունք չունինք տեսակէտ յայտելու ու մէկը կամ միւսը պաշտպանելու:
Ուրիշ պարագաներու, կրնայ խայտառակուողն ալ հակայարձակողականի անցնիլ ու անարգական խօսքերով կամ ձեռքի միջամտութեամբ վիրաւորել խայտառակողին: Ամէն պարագայի, խայտառակութեան տեսակը կրնայ ունենալ տարբեր բեմադրութիւններ, որոնք պահի ազդեցութեան տակ կը գործադրուին, եւ ոեւէ մէկը չի կրնար կռահել թէ ո՞ր բեմադրութիւնը պիտի դիտուի այդ պահուն: Որովհետեւ ատիկա կախեալ է խայտառակուողին կա՛մ համբերութենէն, կա՛մ ամօթխածութենէն, եւ կամ ալ իսկապէս անոր յանցանքին ծանրութենէն:
Եթէ խայտառակուողը համբերատար անձ է, ապա լռութեամբ կը տանի այդ անարգանքը, ու երբեմն ալ ամբողջովին անտարբերութեամբ, աւելի՛ կը զայրացնէ զինք խայտառակողին: Իսկ եթէ ամօթխած անձ է, նոյնիսկ իրաւունքի մէջ ալ ըլլայ, միշտ կը զիջի, հանրային կարծիքը իր շուրջ տարտամ պահելու նպատակով, որպէսզի խայտառակողին ջաղացքին յաւելեալ ջուր չլեցնէ: Այսպիսով, խայտառակութիւնը դիտողներ կրնան մէկ կամ միւս կողմը պաշտպանել, որովհետեւ այս պարագային մէկ կողմը իր ամօթխածութեան բերումով ամբողջովին անտարբեր կը մնայ խայտառակութեան նկատմամբ, կարծէք թէ իր հետ բնաւ առնչութիւն չունի տեղի ունեցող դէպքը:
Կը պատմուի, թէ յամառ ու ինքնահաւան անասուն նկատուող այծին ականջէն բռնած, անոր տէրը շուկայի հրապարակէն կը վերադարձնէր զայն տան ախոռը: Անոր յամառութիւնը պատժելու համար, մարդը հազարումի անարգական արտայայտութիւններ կը հասցէագրէր այծին, թուելով անոր բոլոր թերութիւններն ու սխալները։ Անցորդները այդ պահուն, տեսնելով այծին լուռ եւ նոյնիսկ առանց մայելու քաշքշուիլը, տարբեր եզրակացութիւններու կը յանգէին: Անոնցմէ մէկը քիթին տակէն կ՛ըսէր. «Սա խենթ մարդուն նայեցէք՝ խելքը այծին հետ դրեր է»: Ուրիշ մը կ՛ըսէր թէ՝ «խեղճ այծը բերանն ալ չի բանար ու կամաւորաբար կ՛ենթարկուի սա մարդուն անարգական վերաբերումին»: Երրորդ մը կ՛ըսէր. «Սա այծը ով գիտէ ինչքան անհնազանդութիւններ գործած է ցարդ, որ այսքան բիրտ վերաբերումի կ՛արժանանայ այս մարդուն կողմէ»: Իսկ այլ անցորդ մը, մօտենալով այծին տիրոջ, ցոյց կու տայ այն ամբոխը, որ շուկային մէջ կեցած զիրենք կը դիտէր, ու կ՛ըսէ. «Ինչքան որ այծդ խայտառակեցիր, դուն ալ անոր հետ խայտառակուեցար…»:
Խայտառակողը այստեղ չէր անդրադարձած, որ այծը խայտառակելու իր արարքին մէջ, անուղղակիօրէն ինք իր անձն ալ կը խայտառակէր: Խայտառակուողները երկու էին եւ ո՛չ թէ մէկ:
Նոյնն է այսօր մեր կեանքին մէջ: Մէկուն հասցէին վատաբանելու սովորութիւն ունեցողներ չեն անդրադառնար, որ անոր վնասելէ առաջ իրենք իրենց անուան արատ կը բերեն: Իսկ հրապարակաւ ուրիշներու անունը մրոտողներ, իրենք իրենց անունին ու համբաւին վնաս կը հասցնեն նախ եւ ապա՝ ուրիշին: Ուրեմն, ուրիշը խայտառակելու ամէն փորձ կը ձախողի, որովհետեւ անոր մէջ երկու անձերէն մէկը դուն պիտի ըլլաս: Երբեմն ճարպիկներ կան, որոնք ուրիշին ձեռքով կը կատարեն «այծին ականջէն բռնելու» արարողութիւնը հրապարակաւ: Սակայն այդ ալ երկար ժամանակ պահուած չի մնար, որովհետեւ շուտով ի յայտ կու գայ «այծին ականջէն բռնելու» հրահանգ տուող անձը, որ կրնայ որոշ ժամանակ մութին մէջ պահուած մնալ:
«Այծին ականջէն բռնել»ը շատ վտանգաւոր արարք է, որուն հետեւանքները շատ յստակ են: Ատիկա խայտառակութենէ բացի այլ արդիւնք պիտի չունենայ այդ գործին իր ձեռքը խառնող մարդուն: «Այծ»ը կրնայ նոյնիսկ բերանը չբանալ, ո՛չ իսկ մայել: Սակայն անբարբառ այդ քաշքշուքին մէ՛ջ իսկ է խայտառակութիւնը, որ եթէ անպատուաբեր կը նկատես «այծ»ին, նոյնքան եւս անպատուաբեր պէտք է նկատես անձիդ համար:
«Այծերու» հետ գործ մի՛ ունենար, ո՛չ ալ անոնց «ականջէն» բռնէ, քու պատիւդ, համբաւդ ու անունդ միշտ բարձր պահելու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.