2014-11-05 08:32:40

''Արեւելքի Քրիստոնեաները, իւրայատկութեան ու քաղաքացիական պատկանելիութեան միջեւ'' դասախօսութիւն։


(Ռ.Վ. 5 նոյեմբեր 2014) Հինգշաբթի` 6 նոյեմբեր 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 18,30-ին, Հռոմի Ֆրանսական հաստատութեան ''Սան Լուիճի'' անուամբ կեդրոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ դասախօսութիւն մը ''Արեւելքի Քրիստոնեաները, իւրայատկութեան ու քաղաքացիական պատկանելիութեան միջեւ'' նիւթով, որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ Տիար Ժան Ֆրանսուա Քոլոզիմօն` Փարիզի Սուրբ Սերժ օրթոտոքս աստուածաբանական հաստատութեան քրիստոնեաներու եւ օրթոտոքսներու մասնագէտ։
Դասախօսութեան նիւթերը պիտի կեդրոնանան հետեւեալ հարցումներուն վրայ` ''Ականատե՞ս ենք Արեւելքի քրիստոնեաներու անհետացումին։ Ո՞վ են այն քրիստոնեաները։ Ո՞րն է մեր պարտքը անոնց հանդէպ։ Ի՞նչպէս կարողացած են դիմադրել բռնատիրութիւններուն, ներխուժումներուն եւ հալածանքներուն։ Ի՞նչու եւ ինչպէս համաշխարհայնացումը եւ ամերիկեան գերազանցութիւնն ու իսլամական քաղաքացիական պատերազմը արտագաղթ մը կը յառաջացնեն որ պատճառ կը հանդիսանայ քրիստոնեաներուն քրիստոնէութեան օրրանէն անհետացումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.