2014-11-04 14:15:15

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Ֆրանսացի Եպիսկոպոսներուն լիանիստ գումարի առթիւ


(Ռ.Վ. 4 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 4 նոյեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամ մը յղած է` Ֆրանսայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Ժորժ Փոնթիէի` եպիսկոպոսական համահաւաք դասի գումարի բացման նիստին առթիւ, որ տեղի կ՛ունենայ Լուրտի սրբավայրին մէջ։
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնած է եպիսկոպոսներուն, Տիրոջմէ` Աստուածամօր բարեխօսութեամբ հայցելով որ աշխատանքները սատարեն վառ պահելու թեմերու միսիոներական ջերմութիւնը, որպէսզի կարենան Աւետարանի ուրախութիւնը հռչակել համայն Երկրին։ Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկած է կրօնաւորական կեանքի տարւոյն հայցելով որ Տիրոջ Հոգին զիրենք մղէ նոր ճանապարհներ որոնելու որպէսզի ''Կեանքի Խօսքը'' հասանելի դառնայ բոլորին։ Ան ապա քաջալերած է եպիսկոպոսները յարատեւելու իրենց դժուար առաքելութեան մէջ գնահատելով անոնց ջանքերը ի սպաս միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն ու աշխարհի մէջ տառապող ժողովուրդներուն։
Սրբազան Քահանայապետը պատգամը եզրափակած է Լուրտի Տիրամօր եւ Սուրբ Պերնատէթի բարեխօսութիւնը հայցելով բոլորին վրայ ու անոնց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.