2014-11-04 09:45:04

Քաղտիացիներու Սաքօ պատրիարքը Իրաքի նախարարապետէն կը խնդրէ նեցուկ կենալ քրիստոնեաներուն։


(Ռ.Վ. 4 նոյեմբեր 2014), ''Իրաքի նոր նախարարապետը Հայտար ալ Ապատի ընդունելով իրաքի քրիստոնեայ համայնքներու կրօնապետերը յայտնեց իր յանձնառումը ու նեցուկը իրաքի քրիստոնեայ հասարակութեան'', ըսաւ Քաղտիոյ Սաքօ, Պատրիարքը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով։
Պատրիարքը յայտնեց որ խօսակցութիւնը տեւեց 40 վայրկեան, որուն ընթացքին նախարարապետը երաշխաւորեց թէ անձնապէս ինքզինք պատասխանատու կը զգայ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան եւ ցաւ յայտնեց բազմաթիւ քրիստոնեաներու գաղթին ի տես, անոնց իրավիճակը որակելով` ազգին համար մեծ կորուստ։ Պատրիարք Սաքօ ըսաւ որ նախարարապետէն խնդրեցինք ազատագրել իսլամական պետութեան կողմէ բռնագրաւուած քրիստոնեաներու հողերը եւ ամրապնդել մայրաքաղաքի քրիստոնեայ թաղամասերու պաշտպանութիւնը։










All the contents on this site are copyrighted ©.