2014-11-03 13:10:44

Ֆրանչիսկոս Պապի հանգուցեալ Կարդինալներու եւ Եպիսկոպոսներու դիտաւորութեան մատուցած Ս. Պատարագը։


(Ռ.Վ. 3 նոյեմբեր 2014) Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 3ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր Տաճարի մէջ հանգուցեալ Կարդինալներու եւ Եպիսկոպոսներու դիտաւորութեան մատուցուած Ս. Պատարագի քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ՝
Այսօրուան արարողութիւնը լուսաւորուած է Ս. Յարութեան հաւատքով։
Աստուածային Յայտնութիւնը պտուղն է Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ գոյացած երկխօսութեան։ Ս. Յարութեան հաւատքն նոյնպէս առընչուած է այս երկխօսութեան հետ, որ Հին Կտակարանին մէջ կ'ընկերանայ Աստուծոյ ժողովուրդի պատմութեան ճանապարհին։
Քրիստոս կ'աւետարանէ՝ ''Ես եմ յարութիւն եւ կեանք'' (Յովհ. ԺԱ, 25). ոչ միայն այն պատճառով որ այս գերբնական եւ գերմարդկային խորհուրդը Քրիստոսի միջոցաւ կը յայտնուի, այլ առաւել եւս՝ Քրիստոսով կը հասնի իր լրումին։ Ս. Յարութիւնը պատասխանն է Աստուծոյ ժողովուրդի, իւրաքանչիւր մարդու եւ ամբողջ մարդկութեան փնտռտուքներուն։
Մեզմէ իւրաքանչիւրը հրաւիրուած է մուտք գործելու Յարութեան եղելութեան մէջ։ Կոչուած ենք՝ Աստուածածնի նման Քրիստոսի խաչին առջեւ կանգնելու, ունկնդրելու Քրիստոսի աղաղակին եւ իր վերջին շունչին, եւ ապա յամենալ լռութեան մէջ։ Այն լռութիւնը, որ կը տարածուի ամբողջ Աւագ Շաբաթ օրուան վրայ։ Ապա կոչուած ենք քալելու դէպի գերեզման, տեսնելու համար որ ժայռը գլորած է. լսելու համար աւետիսը՝ ''Յարեաւ, չէ աստ'' (Մրկ. ԺԶ, 6)։ Յարուցեալի գերեզմանին դիմաց պիտի գտնենք մեր փնտռտուքներուն պատասխանը։ Այնտե՛ղ է հիմնաքարը, ժայռը։ Պիտի գտնենք պատասխանը՝ ոչ թէ իմաստութեան համոզիչ խօսքերուն մէջ, այլ Քրիստոսի խաչին եւ Յարութեան կենդանի խօսքին մէջ։
Այս է Պօղոս Առաքեալի քարոզը՝ Յիսուս Քրիստոս, խաչեալը եւ յարուցեալը։ Եթէ ան յարութիւն չէ առած՝ մեր հաւատքը դատարկ է եւ անհիմն։ Բայց որովհետեւ ան յարութիւն առած է, մանաւանդ թէ՝ Ի՛նքն է Յարութիւնը, ուրեմն մեր հաւատքը լի է ճշմարտութեամբ եւ յաւիտենական կեանքով։
Նորոգելով աւանդութիւնը՝ այսօր կը մատուցանենք Ս. Պատարագը վերջին 12 ամիսներուն հանգուցեալ Կարդինալներու եւ Եպիսկոպոսներու դիտաւորութեան։ Մեր աղօթքին կ'ընկերանան մեր զգացումները, յուշերը եւ երախտագիտութիւնը։ Հայր Աստուած մեր հանգուցեալներու իւրաքանչիւրին կը նայի իր գթալիր սիրով։ Եւ երկնային Հօր հետ միասին նաեւ Աստուածածին Մօր հայեացքը, որ իր այս շատ սիրեցեալ որդիներուն համար կը բարեխօսէ։ Անոնք արդ կը վայելեն Նոր Երուսաղէմի ուրախութիւնը այն բոլոր հաւատացեալներուն հետ միասին, որոնք այս աշխարհի վրայ ընկերակցեցան անոնց ծառայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.