Միջազգային Քարիթասի մամլոյ ասուլիս՝ ''Եկեղեցւոյ պատասխանը ընդդէմ Էպոլա համաճարակի
տարածման''։
(Ռ.Վ. 3 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 4 նոյեմբերին, Քահանայապետական արդարութիւն
եւ խաղաղութիւն խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի կ՝ունենայ, Միջազգային Քարիթասի մամլոյ
Ասուլիս, որուն ընթացքին կը ներկայացուի Եկեղեցւոյ որդեգրած պատասխանը ընդդէմ Էպոլա
համաճարակին։ ''Եկեղեցին կարեւոր դեր ունեցած է առողջապահական, մարդասիրական օժանդակութիւններ
փոխադրելու` էպոլա համաճարակէ թիրախ դարձած երկիրներուն, յատկապէս Ափրիկէին։ Այս
ծիրէն ներս միջազգային Քարիթասի ներկայացուցած մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՝ունենան Միջազգային
Քարիթասի առողջապահութեան յատուկ խորհրդական` գերապայծառ Ռոպէրթ Վիթիլլօ, որ վերջերս
վերադարձած է Լիպէրիայէն, ինչպէս նաեւ Քարիթասի այլ ներկայացուցիչներ որոնք կը գործեն
Էպոլա համաճարակին թիրախ դարձած երկիրներուն մէջ։ Մամլոյ ասուլիսին կը շօշափուին հետեւեալ
նիւթերը ՝ Էպոլա համաճարակին տնտեսական հետեւանքները աղքատ հասարակութիւններու վրայ,
նախաձեռնութիւններ՝ կազմաւորելու համար առողջապահութեան գործիչներ։