2014-11-01 08:24:33

Սպանացի Հայր Ասուա Մէնտիայի երանացման արարողութիւնը։


(Ռ.Վ. 1 նոյեմբեր 2014) Սպանիոյ Վիթորիա քաղաքի` Տիրամօր նուիրուած Անարատ Յղութեան տաճարին մէջ,շաբաթ, 1 նոյեմբերի, յետմիջօրէին ժամը 5,00 – ին, տեղի կ՝ունենայ Աստուծոյ ծառայ Փիէթրօ Ասուա Մէնտիա-յի երանացման արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյին։
Հայր Ասուա Մէնտիա, ծնած է Վիթորիա քաղաքի Պալմասէտա կոչուած գիւղին մէջ,
30 օգոստոս 1890-ին։ Ան համալսարանական ճարտարապետական գիտութիւնը աւարտած է ՝1915-ին։
1920-ին, Վիթորիա քաղաքի նորընծայարան կը մտնէ, ապա՝ չորս տարի ետք , 14 յունիսին քահանայ կը ձեռնադրուի։
Հայր Մէնտիա 29 օգոստոս 1936-ին, Սպանիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի շրջանին, կը սպաննուի իր քրիստոնէական հաւատքին կառչած մնալուն համար։
Հայր Մէնտիայի երանացման արարողութեան առընչութեամբ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոն , Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանի հետ ունեցած հարցազրոյցին մը ընթացքին յայտնեց, թէ Եկեղեցին երբեք չմոռնար իր զաւակներու հերոսութիւնները եւ կը հրաւրիէ բովանդակ աշխարհը չկրկնելու տմարդկային արարքները սպաննելով եղբայարակիցները։







All the contents on this site are copyrighted ©.