2014-11-01 08:24:19

2014-ի Նոյեմբեր ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


(Ռ.Վ. 1 նոյեմբեր 2014) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոներական'' աղօթքի դիտաւորութիւններու, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կեդրոնականութեան վրայ եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։
2014-ի Նոյեմբեր ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.
''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի առանձնութենէ տառապող անձերը փորձարկեն Աստուծոյ մօտիկութիւնն ու եղբայրակիցներուն թիկունքը''։
Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի երիտասարդ ժառանգաւորները, կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհիները ունենան պատրաստուած եւ իմաստուն կազմաւորողներ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.