2014-10-31 12:22:43

''Սէրն է եւ ոչ թէ օրէնքին կառչումը կը բանայ յոյսի դռները'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը 31 հոկտեմբերին արտասանած քարոզին մէջ։


(Ռ.Վ. 31 հոկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 31 հոկտեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան Աւետարանական ընթերցումին վրայ ուր ՝ Յիսուս խօսքը ուղղելով, օրէնսգէտներուն եւ Փարիսեցիներուն կ՛ըսէ. ''արտօնուա՞ծ է կամ ոչ, շաբաթ օրով հիւանդ մը բուժել'' Ղուկ 14,1-6։ Այս հատուածէն մեկնելով, Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց, թէ ապրիլ՝ կառչած մնալով օրէնքին,Սէրէն եւ արդարութենէն կը հեռացնէ ։ Փարիսեցիները կը յարգէին օրէնքը բայց կ՝անտեսէին Սէրը, գուրգուրանքը։ Որպէսզի կարենանք ապրիլ հաւատարիմ մնալով օրէնքներուն ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հարկ է հետեւիլ Յիսուսին մեզի ցոյց տուած ուղիին` Սիրոյ ճանապարհը որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Աստուած որովհետեւ միայն օրէնքի կառչելով ճանապարհը, փակ դուռ մըն է որ կը մղէ եսասիրութեան։ Մինչ սիրոյ ճանապարհը կը մղէ սրբութեան եւ փրկութեան, Յիսուսի հետ հանդիպումին։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց մօտիկութեան, որ է Աստուծոյ ընտրած ճանապարհը մեզ փրկելու համար։ Աստուած մեզի մօտեցաւ, մարդեղացաւ, դարձաւ մեզմէ մէկը, ու մենք մեր կարգին Յիսուսի նման, մօտենալու ենք անոնց որոնք մեր կարիքը ունին։
Յիոսուսի մարմնացումը – ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը քարոզի աւարտին - այն կամուրջն է որ մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ ու ապա հրաւիրեց ներկաները հեռու մնալու կեղծաւորութենէն հայցելով Տիրոջ հովանին որ մեզ բոլորս պահպանէ այս մեղքէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.