2014-10-31 12:21:21

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահի գնահատումով ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուղեկորոյս աշխարհի մը ուղեցոյցն է ։


(Ռ.Վ. 31 հոկտեմբեր 2014) ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, 30 Հոկտեմբեր 2014-ին, Վատիկանի մէջ ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը` գերմանացի Մարթին Շուլցը։ Հանդիպումէն անմիջապէս ետք մամուլին հետ ունեցած ելոյթով Նախագահ Շուլց հաստատեց որ իր գնահատումով ֆրանչիսկոս Քահանայապետը լուսաւոր ուղեցոյց մըն է աշխարհի մը, ուր բազմաթիւ են ուղեկորոյս անձերը։
40 վայրկեան տեւող հանդիպումին ընթացքին, Եւրոպայի խորհրդարանի նախագահը Քահանայապետին ներկայացուց 750 անդամներէ կազմուած եւրոպական Խորհուրդի համապատկերը ։
Մարթին Շուլց ըսաւ որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուղեցոյց մըն է ոչ միայն կաթողիկէներուն այլ եւ շատ մը անհատներու։ Կ'ապրինք ժամանակի մը մէջ ուր աշխարհը արագընթաց եւ խելակորոյս կերպով կը յառաջանայ։
Պատասխանելով ապա հարցումին թէ ''Քահանայապետին պատգամը դրականօրէն պիտի հիւրընկալուի', Շուլց պատասխանեց` ''այո, վստահ եմ։ Ներկայիս խորհրդարանը կը շօշափէ ընկերային արդարութեան ու զանգուածային գունազրկումի հարցը։ Քահանայապետին համար Եւրոպան ու անոր ժողովուրդներու միութիւնը ոչ միայն որպէս բարեպատեհութիւն մըն է խաղաղութեան քաղաքականութեան այլեւ Ան Եւրոպան կը տեսնէ որպէս բազմամշակութային ու բազմազգային քառաթեւ մը։
Խօսելով ծովաբեկութեան զոհ գաղթականներու ողբերգութեան մասին, Շուլց մաղթեց վերատեսել Եւրոպայի քաղաքականութիւնը եւ օգնութեան հասնիլ այն երկիրներուն ուրկէ կու գան փախստականները։
Յայտնենք որ յառաջիկայ 25 Նոյեմբերին, չորս ժամուայ այցելութեան ընթացքին Սդրազպուրկ, ֆրանչիսկոս Պապը խօսք պիտի առնէ Եւրոպայի խորհրդարանին եւ ապա Եւրոպայի խորհուրդին առջեւ։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Հոկտեմբեր 1988-ին, այցելած էր եւրոպական խորհրդարանը։ Այդ թուականին Եւրոպական միութիւնը կազմուած էր 12 պետութիւններէն, այժմ` կը հաշուէ 28 պետութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.