Անգլիական կառավարութիւնը միլիոններ կը տրամադրէ եկեղեցիներու նորոգութիւններուն համար։
(Ռ.Վ. 30 հոկտեմբեր 2014) Անգլիոյ կառավարութիւնը միլիոնաւոր սթերլիններ
տրամադրած է 31 եկեղեցիներու վերանորոգութիւններուն համար, որոնցմէ վեցը կաթողիկէ եկեղեցիներ
են։ Կառավարութիւնը իր այս ներդրումը կատարելու համար որպէս դրդապատճառ ներկայացուցած
է թէ այս եկեղեցիները կը նկատուին որպէս առաջին աշխարհամարտի յիշատակի վայրեր։ Կաթողիկէ
վեց եկեղեցիները ընդունեցան 8 միլիոն սթերլին։