(Ռ.Վ. 29 հոկտեմբեր 2014) Ըստ դիւան թիւ 265/14 –ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր
Տէրը Գերապատիւ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանը անուանեց` նախագահ սուրբերու դատերու պատրիարքական
յանձնախումբին։ Եւ ըստ դիւան թիւ 266/14–ին, գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը «նկատի առած ընտանիքի
կարեւորութիւնը համայնքէն ներս մասնաւորապէս եւ համայն Եկեղեցւոյ համար ընդհանրապէս»
Գերյարգելի Հայր Յովսէփ Ծ.Վ. Քէլէկեանը անուանեց` նախագահ ընտանիքի պատրիարքական յանձնախումբին։ Ամենապատիւ
Հոգեւոր Տէրը, Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանի անուանումին առթիւ գրեց նաեւ թէ «1915-ի Ցեղասպանութեան
ոգեկոչման 100 ամեակի թուականի մօտեցումով, Սուրբ Աթոռի կողմէ մեր նահատակներուն (նահատակ)
հռչակումի հարցը համայն Հայ Ազգին եւ յատկապէս Մեր Նուիրապետութեան համար կենսական եւ
հրատապ հարցերէն մին է» :