2014-10-29 09:44:14

Թրքական իշխանութիւնները մտադիր են Անին ընդգրկել Եունեսքօ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ


«Հայ Թերթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը աշխատանքներու սկսած է Բագրատունեաց թագաւորութեան Անի մայրաքաղաքը ՄԱԿ-ի գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկելու համար:
Նախարար Էօմեր Չելիք նշած է, որ իրենք կը պատրաստուին «տիրութիւն ընելու» քաղաքին եւ աշխատանքներու սկսած են զայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ընդգրկելու համար:
2012-ին, նախարարութեան աշխատանքներուն շնորհիւ, «Հազար ու մէկ եկեղեցիներու» կամ «40 դուռերով քաղաք» նկատուող Անին ընդգրկուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ներառուելու թեկնածուներու ցուցակին մէջ: Այժմ թրքական իշխանութեան վերջնական նպատակն է մինչեւ 2016 զայն ընդգրկել տալ ցանկին մէջ, որպէսզի անիկա իր արժանի տեղը գտնէ մարդկութեան մշակութային ժառանգութիւններու շարքին:
Նախարար Չելիք կը յայտնէ, որ ինք հաստատակամ է Անատոլուի բոլոր մշակոյթներու պաշտպանութեան եւ մարդկութեան ժառանգութեան նուիրելու գործին մէջ:
Նախապատմական ժամանակներէն տարբեր մշակոյթներ ունեցող եւ Մետաքսի ճամբու` Կովկասի մուտքին գտնուող Անիի մէջ նախարարութեան վերահսկողութեամբ պեղումները, վերակառուցման եւ շրջակայքի բարեկարգման աշխատանքները լայն թափով կը շարունակուին:
Նախարար Էօմեր Չելիք տեղեկութիւններ հաղորդած է Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ամէնէն յայտնի կեդրոններէն մէկը նկատուող Անիի մէջ իրականացուող աշխատանքներու մասին:
«Մենք միշտ հպարտացած ենք Անատոլուի ապշեցուցիչ եւ մեծ ու պատմական ժառանգութեամբ: Մենք կ՛ուզենք ընել այն, ինչ որ կը վայելէ մեզի. այդ ժառանգութիւնը մարդկութեան նուիրել եւ ձգել ապագայ սերունդներուն: Թուրքիան այժմ առաջնորդող երկիր դառնալու ճամբուն վրայ քայլեր կը կատարէ: Այդ քայլարշաւին որեւէ տեսանկիւնէն բաց տեղեր ձգել չենք ուզեր», ըսած է ան։







All the contents on this site are copyrighted ©.