2014-10-28 13:33:45

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային հաւաքի մասնակիցներուն հետ։


Աղքատներուն մօտիկ ըլլալը Աւետարան է եւ ոչ համայնավարութիւն։


(Ռ.Վ. 28 հոկտեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սիւնհոդոսական նախկին սրահին մէջ, հանդիպում ունեցաւ ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային հաւաքի մասնակիցներուն հետ։ Հաւաքը որ տեղի կ՛ունենայ, 27-29 հոկտեմբեր, կազմակերպուած է արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ ընկերային գիտութիւններու քահանայապետական կաճառին։
''Հանդիպումի մշակոյթը ի սպաս ժողովուրդներուն. Ժողովրդական տարբեր ձեռնարկներ զանցառութեան եւ ընկերային անարդարութեան դէմ, Ֆրանչիսկոս Պապի ընկերային տեսլականի լոյսին տակ'' բնաբանով հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ընկերային ժողովրդական հարիւրաւոր շարժումներու ներկայացուցիչները, որպէս կէտնպատակ ունենալով` ''ձայն տալ գործազուրկ, անտէր, հողազուրկ եւ վրանաբնակ մարդոց''։
Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, այս առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը, ընկերային շարժումներու ներկայացուցիչներուն համար, եռօրեայ խորհրդաժողով մը կը գումարէ Վատիկանին մէջ։ Խորհրդաժողովը առիթ պիտի տայ խոնարհաբար լսելու ''լուսանցայիններու'' տառապանքը, ակնկալիքները, յոյսերն ու առաջարկները, յայտնած էր կարդինալ Թուրքսոն` նախագահը արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, մամուլին ներկայացնելով Վատիկանի մէջ գումարուելիք ընկերային շարժումներու ներկայացուցիչներու այս հաւաքը որուն ընթացքին քննարկուելիք նիւթերը բաժնուած են 5 մասերու` Հաց, Հող, Տուն, Բնութիւն եւ խաղաղութեան ի սպաս շարժումներ։
Ժողովրդական շարժումներու պատուիրակութեան հետ հանդիպումը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 10,50-ին որուն բացման խօսքը արտասանեց կարդինալ Թուրքսոն որ յայտնեց հաւաքին կէտնպատակը` ձայն տալ անձայն ''լուսանցայիններուն''։ Խօսք առաւ ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հուսկ տեղի ունեցաւ խումբերու ներկայացումը եւ Սրբազան Քահանայապետի եզրափակիչ խօսքը։

Յայտնենք որ վերոյիշեալ հաւաքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պոլիվիայի հանրապետութեան նախագահ` Էվօ Մորալեսը որ, Սուրբ Աթոռի բանբեր` Հայր Լոմպարտիի հրատարակած մէկ հաղորդագրութեան համաձայն այսօր երեկոյեան առանձնական եւ ոչ պաշտօնական հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։
Ժողովականներուն ներկայացուցած իր երկարաշունչ խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դրաւ երեք բառերու վրայ` հող,տուն եւ աշխատանք, մատնանշելով հարկաւորութիւնը յաղթահարելու սովը­, անօթութիւնն ու պատերազմները եւ բոլորին ապահովելու արժանապատուութիւնը, յատկապէս աղքատներուն եւ լուսանցայիններուն։
Ան ապա հաստատեց թէ աղքատներուն մօտիկ ըլլալը Աւետարան է եւ ոչ համայնավարութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.