2014-10-28 09:56:03

Եւրոպայի Արեւելեան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու կոչը՝ ''խաղաղութիւն Ուքրանիոյ եւ Միջին արեւելքին''։


(Ռ.Վ. 28 հոկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 27 հոկտեմբերին, Ուքրանիոյ Լէոփոլիս քաղաքին մէջ գումարուեցաւ Եւրոպայի կաթողիկէ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներու ժողովը։ Յաւարտ ժողովին , արեւելեան եկեղեցիներու եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին Ուքրանիոյ եւ միջին արեւելքի խաղաղութեան ի նպաստ։
''Համայն Ուքրանիոյ ժողովուրդին կը յայտնենք մեր աջակցութիւնը եւ մօտիկութիւնը, Երկրին մէջ բախումներու պատճառով յառաջացած տառապանքներուն ի տես Ինչպէս նաեւ կոչ կ՝ուղենք բոլոր հակառակող կողմերուն որպէսզի դիմեն բանակցութեան եւ երկխօսութեան լուծումի յանգելու համար։ Իսկ ինչ կը հայի միջին արեւելքի տագնապներուն, Արեւելեան եկեղեցիներու եպիսկոպոսները իրենց կոչին մէջ հաստատեցին թէ միայն միջազգային ազգերու կազմակերպութեան միջամտութեամբ է որ միջին արեւելքի մէջ կարելի կ՛ըլլայ խաղաղութեան վերահաստատումը։







All the contents on this site are copyrighted ©.