2014-10-27 13:33:14

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Ուկանտայի նախագահը։


(Ռ.Վ. 27 հոկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ուկանտաի նախագահ` Տիար Եուէրի Քակութա Մուսեվենին, անոր կողակիցն ու իրենց ընկերացող շքախումբը։ Ուկնատայի նախագահը հանդիպեցաւ ապա Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինին եւ արտգործ նախարար` գերապայծառ Մամպերթիին։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք թէ վերոյիշեալ հանդիպումները ընթացան սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որոնց ընթացքին շօշափուեցան Երկրին հայող որոշ տեսակէտեր ու արծարծուեցան Երկու Պետութիւններու միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, մասնաւորապէս ակնարկելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բերած սատարին դաստիարակչական, ընկերային եւ առողջապահական մարզերէն ներս։ Ընդգծուեցաւ նաեւ Երկրի կրօնական եւ ընկերային հասարակութիւններու միջեւ խաղաղ համակեցութեան կարեւորութիւնը։ Զեկուցումներու նիւթ դարձան նաեւ միջազգային բնոյթ ունեցող հարցեր ու Ափրիկեան ցամաքամասը յուզող հակամարտութիւնները։







All the contents on this site are copyrighted ©.