2014-10-27 11:27:08

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի գահակալութեան 15 ամեակի նշում։


Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս համայնքի պատանի, երիտասարդ, աւագ եւ երէց սերունդի ներկայացուցիչներ անցեալ ուրբաթ, 24հոկտեմբեր 2014 -ի երեկոյեան, ժամանած էին Սրբոյ Կուսին Աւետման Եկեղեցի, միանալու համար ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի գոհաբանական աղօթքին՝ զոր շրջապատուած գերապայծառ, գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրերուն եւ Զմմառու պատրիարքական Միաբանութեան զոյգ նորընծայարաններու սաներուն կողմէ, բարձրացուց առ Աստուած իր գահակալութեան 15 ամեակին առիթով։

Յընթացս գոհաբանական արարողութեան արտասանած քարոզին մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, փառք տուաւ Աստուծոյ՝ Եկեղեցւոյ, ազգին ու հաւատացեալ հասարակութեան իր ծառայութեան 15 տարիներու ամբողջ տեւողութեան իրեն պարգեւած շնորհներուն համար։ Ան միաժամանակ շեշտեց աշխարհականներու առաքելութեան կարեւորութիւնը Եկեղեցիէն ներս, հաւաստիացնելով որ ամէն մկրտուած քրիստոնեայ կոչուած է դառնալու աւետարանիչ։ Այս գիտակցութեամբ ու պատրաստակամութեամբ օժտուած աշխարհականները կը կազմեն իր գլխաւորած Եկեղեցւոյ մարմնին անդամները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր կարեւոր տեղն ու դերը հովուապետի ծառայողական պարտականութեան մէջ։
Յաւարտ գոհաբանական արարողութեան, որ յատկանշուեցաւ Զմմառեան միաբանաութեան դպրեվանքի սաներուն կողմէ կատարուած հոգեպարար շարականներու երգեցողութեամբ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց ներկաներուն շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները, որոնց թարգմանը հանդիսացան յատկապէս Զմմառու դպրեվանքի նորընծաները Հայրապետական Օրհներգի իրենց կատարումով։







All the contents on this site are copyrighted ©.